Հակասութիւններու երկիր դարձած է «երազուած» եւ «երազային» Հայաստանը


 

Որքան յուզիչ եւ հրապուրող է Հայաստանը երբ Երեւանի լուսաւոր փողոցներու սրճարանները կը հանգչիք եւ իրապէս համով պաղպաղակ կը ճաշակէք, այգիներու մէջ թաքնուած պերճ ճաշարաններուն մէջ «Փանթակրուէլ»եան յորդող սեղաններու շուրջ կը հաւաքուիք ընկեր-բարեկամներով, եւ ուտողը որքան որ ալ տոկուն ըլլայ, սեղանները բրգացած կը մնան ձեռք չդպած սկուտեղներու վրայ մնացած համադամներով, որոնցմով բազմաթիւ ընտանիքներ խրախճանք կրնան կազմակերպել: Չտեսի մսխում:

Այս Երեւանն է դասակարգի մը եւ ցուցամոլիկ զբօսաշրջիկներու, կամ ապաւորիչ խորհրդաժողովներու «ի՜նչ լաւ ժամանակ անցուցինք»ի անդիմագիծ ամբոխի, դրսեցի թէ տեղացի: Քաղաք մը, որ  կեդրոնը կը նմանի եւրոպական կամ ամերիկեան զբօսաշրջիկ ընդունելու  պատրաստ տոօնավաճառի:

            Երբեմն պէտք է անցնիլ կարգ մը փողոցներով եւ դիտել առօրեան մարդոց՝ որոնք չեն գտնուիր այդ առասպելական սեղաններու շուրջ, դուրս ելլել Երեւանի կեդրոնական մասէն, հեռանալ բազմաստղանի հիւրանոցներու շրջանակէն: Հինցած-մաշած իրենց կպրապատ ըլլալը մոռցած փողոցներու մէջ, յանկարծ դէմ առ դէմ կը գտնուիք երկաթեայ մեծղի դարպասներով կամարակապ լուսաւոր առանձնատուներու, որոնք աւելի կը տխրեցնեն միւս կիսաւարտի նմանող կամ մաշած բնակարանները, կարծէք տարիներէ ի վեր անբնակ մնացած ըլլային:

            Պողոտաներու երկայնքին, քիչ մը ամէն տեղ, վառելանիւթի լիցքակայաններ կան, որոնց առջեւ ցուցանակի մը վրայ կը կարդաք՝ «հրավտանգ», բայց անոնք կից են բնակարաններու եւ կրպակներու, անգիտանալով «հրավտանգ»ը: Անգիտացողները՝ բնակիչները եւ պետութիւնը: Զարմանալի է, որ քաղաքապետութիւն, թաղապետութիւն, ոստիկանութիւն կ’ընդունին կացութիւնը: Անդադար օրէնք մշակելու համար ժողովներ գումարող Ազգային Ժողովի պատգամաւորները, որոնք կ’անցնին այդ փողոցներով, չեն կրնար չտեսնել «հրավտանգ»ը: Այս փողոցներն ալ Երեւան են, հայաբնակ են: Այդ կրպակները բաց են առաւօտ կանուխ մինչեւ ուշ գիշեր, ընտանիքի ապրուստ ճարելու համար աշխատող այրեր եւ կիներ: Եթէ երեւակայենք «հրավտանգ»ին յաջորդող ակնթարթը… Ո՞վ եւ որոնք պիտի կանխեն «հրավտանգ»ը:

            Նոյն պատկերները կը պարզուին երբ քայլ մը կը հեռանաք Երեւանէն, կ’երթաք Աշտարակ, գեղեցիկ դիրքով եւ պատմական յիշողութիւններով յագեցած գիւղաքաղաքը կամ քաղաքը: Եկեղեցիի կողքին դամբան ունի բանաստեղծ մը, Գէորգ Էմին, պողոտայի եզրին կաթողիկոսի արձան կայ, Ներսէս Աշտարակեցի: Բանասիրական աւարտած երիտասարդը մոռցուող նահապետական ընտանիքի պատկեր ժառանգած, կը բնակի հոն, մանկապարտէզի ուսուցչուհի երիտասարդ կինը, երկու մանչերը, հայրը՝ որ հեռու կ’աշխատի, մայրը՝ երաժշտանոցի մէջ քանոնահարներ կը պատրաստէ, եւ հօրը մայրը՝ տատիկը: Կոճղը՝ որ ազգ կը պահէ:  Երկյարկանի տուն մը, ուր հազիւ կը պատսպարուին, այգին՝ ուրկէ բանջարեղէն եւ միրգ կը ստանան: Երեսնականներէն մնացած բնակարանը աւերակ է, գրեթէ, բայց զայն թարմացնելու եւ արդիական պայմաններով օժտելու համար այդ ընտանիքը միջոցներ չունի, ինչպէս կրնայ գոյացնել քանի մը հազար տոլարը:

            Ինչպէս ունենալ միջոցներ, երբ բազմաթիւ համալսարաններէն մէկուն հայ գրականութեան ուսուցիչը ամսական կը ստանայ երկու հարիւր յիսուն տոլար: Աստուած մի արասցէ եթէ տատիկը մահանայ, այդ գումարը պիտի բաւէ՞ արժանապատուութեան համար անհրաժեշտ համարուող հոգեհացին:

Աշտարակի մէջ եւ շուրջ արագ պտոյտ մը կրկին պիտի պարզէ աներեւակայելի տարբերութիւններ շքեղ ապարանքանման բնակարաններու եւ հինցած ու կիսափլատակ տուներու միջեւ: Եւ ըսել, որ երկիրը խորհրդային հաւասարութեան դրախտն էր: Ինչպէս ծնունդ առին այսքա՜ն անըմբռնելի եւ անբացատրելի տարբերութիւններ: Տարրական ողջմտութիւնը պիտի ըսէ, որ Ճակտի քրտինքով խանայողութիւնները չեն կրնար յառաջացուցած ըլլալ զանոնք:

Աշտարակի մէջ կը վաճառուին հին բնակարաններ, նոր կառուցուածներ, կիսով կառուցուածներ: Տէրերը Հայաստան չեն գտնուիր, կամ կը պատրաստուին մեկնելու: Առանձին կին մը կը սպասէ, որ տունը վաճառուի, որպէսզի Ռուսիա մեկնի, ուր գացած են ընտանիքի անդամները: Ինք իր ապրուստը ճարելու համար ուրիշներու այգին մաքրած էր, մոլոխոտները քաշած, ափերուն մէջ ջուր լեցուած էր: «Ինչ լաւ ժամանակ անցուցինք»ի եւ խորհրդաժողովներու ականաւոր մասնակիցները այս երեւոյթները չեն տեսներ, իրենց ձայնը չեն միացներ բողոքի լուռ ալիքին:

Այժմ վաճառուած է մարզամշակութային համալիրը անյայտ անունով անձի: Նոյնիսկ հեռատեսիլէն բուռ բոլոքներ կը լսուին առանց ձեռնոցներ դնելու: Մտահոգութիւն կայ նաեւ անոր համար, որ Մարզմշակութային համալիրը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի հարիւր հեքթարի քսանին վրայ: Զոհերու յիշատակը յարգելէ եւ յուշարձանին առջեւ խոնարհելէ ետք մարդիկ համալի՞ր պիտի երթան զբօսնելու…

Տեղ մը բան մը սխալ է:

Ազգային արժէքները եւ իրաւունքները բիզնես չեն: Իրաւունք են:

Երբ ժողովուրդի մը առհաւական զգացումները եւ եսը կ’արհամարհուին, նոյն այդ ժողովուրդը իր ցասումը արտայայտելու համար ոտքի կ’ելլէ…

Այս բոլոր երեւոյթներու ի լուր եւ ի տես՝ մանր շահախնդրութիւններով ձեռնածալ մնալ մեղսակցութիւն է:

Հայրենասէրը աչքի խտիղ պատճառող ծիածնային գոյներէն անդին նայելու քաջութիւն, իմաստութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք իրապէս վերականգնին:

Զբօսաշրջիկ զգացական հայրենասէրներն ալ հիւրանոցներու սրճարաններէն հեռանալով առանց աչքի կապանքի պէտք է դիտեն իրականութիւնները… Այս ալ մշակոյթ կ’ենթադրէ:

 Յ. Պալեան,

Երեւան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.