Քեսապի մէջ կը պատրաստուին խնձորի բերքահաւաքին
Քեսապի մէջ իրավիճակը բաւական հանգիստ է, միջադէպեր չեն արձանագրուած: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին տեղեկացուց Սփիւռքահայութեան շտապօգնութեան գործադիր մարմնի անդամ Կարօ Մանճիկեան` աւելցնելով, որ բնակիչները Սեպտեմբերի սկիզբբ կը պատրաստուին խնձորի բերքահաւաքի: «Նախորդ տարի Քեսապը զինեալներու կողմէ գրաւելը եւ հողը չխնամելը իր հետեւանքը ունեցած է խնձորի բերքին վրայ, եւ այս տարին այնքան ալ բերքառատ չէ»,- նշեց Մանճիկեան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Քեսապի մէջ նոր ուսումնական տարուան մեկնարկին հետ կապուած աշխատանքներ կը տարուին: Ուսումնական տարին կը մեկնարկէ Սեպտեմբերի կէսերուն: Կարօ Մանճիկեան յոյս յայտնեց, որ Քեսապի նկատմամբ Թուրքիան կրկին դաւադրութիւն չի կազմակերպեր, եւ խաղաղ իրավիճակը յարատեւ կ’ըլլայ:
Մանճիկեանի փոխանցմամբ` Քեսապի մէջ Վերափոխման տօնը մեծ շուքով նշուած է եւ ատոր մեծ թիւով հալէպահայեր մասնակցած են: «Տեղի ունեցած արարողութիւնները Քեսապի նախկին ուրախ օրերը յիշեցուցած են»,- ըսաւ Մանճիկեան:
Ինչ կը վերաբերի Քեսապի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրին, Մանճիկեան նշեց, որ Սուրիոյ մնացած վայրերու համեմատութեամբ իրավիճակը աւելի լաւ է. ընդհատումներով, սակայն ջուր եւ ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի:
Քեսապ սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուած է Յունիս 15ի-ն, եւ բնակչութեան մեծ մասը վերադարձած է բնակավայր: Քեսապի բոլոր հաստատութիւնները, տուները եւ բնակարանները, առանց բացառութեան, վնասներ կրած էին: Քեսապի շրջանի վրայ յարձակումը սկսած էր Մարտ 21-ին` Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէ: Յարձակումը իրականացուցած էին «Ճապհա ան Նուսրա» եւ «Ճէյշ ալ Իսլամ» խմբաւորումները: