Ժիւտօ. Հայաստան Աշխարհի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի 5 Մարզիկով


astana_8-23-15

24-29 օգոստոսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի մեծերու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն 5 մարզիկով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան, կը յայտնէ ArmSport.am:

Այս ախոյեանութեան հայրենի կազմին մարզիչներն են Տիգրան Բաբայեան եւ Կարէն Սիմոնեան, իսկ մարզիկներն են` Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ), Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ), Արսէն Ղազարեան (66 քկ), Անդրանիկ Չափարեան եւ Ռաֆայէլ Դաւթեան (81 քկ):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.