Լոյս Տեսաւ. «Հարիւրապետ Թորոսեանի Յուշերը» Գիրքը


Պոլսոյ Պիլկի համալսարանին կողմէ լոյս ընծայուեցաւ Օսմանեան շրջանին բանակին մէջ ծառայած հարիւրապետ Թորոսեանի գիրքը` «Պատմութիւն, ինքնակենսագրութիւն եւ իրականութիւն» խորագիրով: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուեցաւ Պիւլէնտ Սոմայի կողմէ: Հոն գրութիւններ ստորագրեցին Այհան Աքթար, Սուաւի Այտըն, Գահրաման Շաքուլ, Յովհաննէս Քըլըճտաղը, Թաներ Աքչամ: Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ մամուլէն առնուած այլ գրութիւններու եւ փաստացի վկայութիւններու:

Յայտնենք, որ Թորոսեանի նիւթը օրակարգի եկած էր «Թարաֆ» թերթին կողմէ 2012 եւ 2013 թուականներուն` ստեղծելով մեծ աղմուկ:

«Թարաֆ» թերթը, վերջերս ներկայացնելով Թորոսեանի մասին լոյս տեսած գիրքը, հարցազրոյցի լման էջ մը յատկացուցած է Թորոսեանի նիւթը արծարծելով: Հարցազրոյցը կատարուած է թերթի աշխատակից Հիւսէյնի Իսթէմիլի կողմէ, Պիլկի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Այհան Աքթարի հետ:

Այհան Աքթար համարձակ տողերով կը պատմէ բոլոր այն անիրաւութիւնները, որոնք մասնաւորաբար Օսմանեան շրջանին գործուեցան հայերու, որոնց մէջ նաեւ հարիւրապետ Թորոսեանին դէմ:

Աքթար կը պատմէ, որ երբ կը խօսուի Օսմանեան բանակին մէջ փոքրամասնութիւններու բերած ծառայութեան մասին, պետութիւնը կ՛անհանգստանայ անտեսել: Կը ջանայ թաքցնել, անտեսել այդ ծառայութիւնները, զանոնք վիրաւորանք կը նկատէ պետութեան կողմէ որդեգրուած այն քաղաքականութեան, որուն բուն նպատակն է պատմութիւնը իսլամացնել:

Աքթար տարօրինակ կը գտնէ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, պետութիւնը յանկարծ Կալիփոլիի յիշատակութեան օր մը մէջտեղ դրաւ: Ասոր նպատակը 100-ամեակի յիշատակութիւններու ազդեցութիւնը նուազեցնել էր: Տարօրինակն այն է, որ պետութիւնը միայն չբաւականացաւ այս օրը յիշատակելով, այլ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ հրաւիրեց այդ օրուան: Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու այս հրաւէրը ուղղելու ընթացքին ըսաւ, որ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայեր ալ կային: Այս արտայայտութեան դիմաց փրոֆ Եուսուֆ Հալաճօղլու յայտնեց, որ այս խօսքով պատմական սխալ մը գործուեցաւ, որովհետեւ այս անգամ հայեր իրաւացիօրէն պիտի ըսեն, որ քանի որ միասին փրկեցինք երկիրը, մեզ ինչո՞ւ աքսորեցիք: Հայաստանի նախագահը անշուշտ մերժեց հրաւէրը, ըսելով. «Գիտենք թէ Կալիփոլի մէջ հայեր ալ պատերազմեցան: Հարիւրապետ Թորոսեանն ալ հոն էր: Բայց մարդուն ընտանիքը Սուրիոյ անապատները քշեցիք եւ սպաննեցիք»:

Այհան Աքթար կը պատմէ, որ խեղճ Թորոսեանի նիւթը յանկարծ արտաքին քաղաքականութեան նախանիւթ դարձաւ: Բայց ապահովեց նաեւ, որ նոր պրպտումներ կատարուին Թորոսեանի կեանքի եւ ծառայութիւններու մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.