Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի այցելեց «Հորիզոն»ի տաղավար


Օգոստոս 16-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ ամէնամեայ փառատօնի անակնկալ այցելուն էր Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի։ Նախարարին կ՚ընկերակցէին Գանատայի յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններու երեք թեկնածուներ։ Նախարար Քէնի փառատօնի տաղավարներ այցելութեան ընթացքին կանգ առաւ եւ զրուցեց «Հորիզոն»ի անձնակազմին հետ եւ գնահատանքի իր խօսքը փոխանցեց։

Նշենք, որ 2014-ին նախարար Քէնիի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին լայնօրէն անդրադարձաւ «Հորիզոն»։

Նախարար Ճէյսըն Քէնի 2004-ին Գանատայի Խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման M-380 բանաձեւի համահեղինակներէն է։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.