Համահայկական Ամառնային 6-րդ Խաղեր. ՀՄԸՄ-ական Հեծելանւորդ Գէորգ Ալթունեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին


kevork-altounian_8-04-15

Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենան Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը:

Երէկուան հեծելարշաւի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Ալթունեան տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ 37 մասնակցողներուն մէջ հանդիսացաւ առաջին:

Ալթունեան, որ այս խաղերուն կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտը, տղոց 15 քմ ժամացոյցի դէմ մրցումին հանդիսացաւ առաջին:

Պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին այսօր, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:

Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Քարոլ Պոյաճեան (Պէյրութ), որ աղջկանց 10 քմ մրցումին (5 մասնակցող) գրաւեց առաջին դիրքը:

Նշենք, որ այսօր տեղի պիտի ունենան նաեւ տղոց հեծելարշաւի 20 քմ-ի մրցումները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.