Սու­րու­չը 1915ին


Սու­րու­չի վեր­ջին պայ­թու­մին տխրահռ­չակ լու­րը մեզ ա­կա­մայ կը տա­նի հա­րիւր տա­րի ետ, ան­ցեա­լի նոյն քա­ղա­քը։ Այն­տեղ կը շրջին աք­սո­րեալ­նե­րու ու­րո­ւա­կան­նե­րը, ո­րոնք կու գա­յին Էրզ­րու­մէն (­Կա­րին)։ Էրզ­րում­ցի­նե­րու երկ­րորդ կար­ա­ւա­նը, որ ճամ­բայ ե­լած էր 1915ի Յու­նիս 18ին, Սու­րուչ պի­տի հաս­նէր չորս ա­միս ետք, Հոկ­տեմ­բե­րին։ 1300 ըն­տա­նիք­նե­րէն Սու­րուչ հա­սած էր խղճա­լի 60 ըն­տա­նի­քէ կազ­մո­ւած փոքր խումբ մը։ Սու­րու­չը սա­կայն վեր­ջին կա­յա­նը չէր այս մար­դոց։ Ա­նոնք պի­տի մեկ­նէին տա­կա­ւին Սու­րիա­կան Ա­նա­պատ։ Սու­րու­չը տե­սակ մը վեր­ջին կա­յանն էր ա­նա­պա­տէն ա­ռաջ սա­կայն, այս­տեղ կը հա­ւաքուէին կա­րա­ւան­նե­րը, ու­ղար­կո­ւե­լու հա­մար Սու­րիա, Ա­րա­բու­նար, այ­սինքն նոյն ինքն այ­սօ­րո­ւան Քո­պա­նին։

Խար­բերդ­ցի­ներն ալ ան­ցած են Սու­րու­չէ։ Չմշկա­ծակ­ցի­նե­րը եւ ա­նոր շուր­ջի 21 գիւ­ղե­րու 3000 բնա­կիչ­նե­րը ճամ­բայ ե­լած են Յու­լիս 2ին, վեց շա­բաթ ետք հաս­նե­լով Սու­րուչ։ Սու­րու­չի մէջ ա­նոնց խում­բը բաժ­նո­ւած է եր­կու­քի, մէկ մա­սը եր­թա­լով ա­նա­պատ Քո­պա­նիի վրա­յով, միւս մա­սը ղրկո­ւած Հա­լէպ։ Չենք գի­տեր քա­նի հո­գի հա­սած է Սու­րուչ, գի­տենք որ Սու­րու­չէն Հա­լէպ հա­սած են այս խում­բէն 150 հո­գի, ան­շուշտ կա­նայք եւ ե­րա­խա­ներ միայն։

Սու­րու­չը ե­ղած է գաղ­թա­կա­յան, հա­ւաք­ման վայր, ուր զա­նա­զան տե­ղե­րէ ողջ հա­սած­ներ կը խմբո­ւէին, կազ­մե­լու հա­մար 1000-1500 հո­գի­նոց կա­րա­ւան­ներ, ղրկո­ւե­լու հա­մար Ռաք­քա, Տէր Զօր, Քո­պա­նի, Հոմս, Պապ եւ Հա­լէպ։ Ա­մա­սիա­ցի­ներն ի­րենց կար­գին ան­ցած են Սու­րու­չէն, ամ­բող­ջու­թեամբ ղրկո­ւե­լով Տէր Զօր, ա­նոնց­մէ ոչ ոք գի­տէ թէ քա­նի հո­գի փրկո­ւած է։ Տէր Զօր գա­ցող­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս չէին փրկո­ւեր։ Թե­րեւս ա­նոնց հետ­քե­րուն կա­րե­լի է հան­դի­պիլ այ­սօ­րո­ւան Տա­հէ­շա­կան­նե­րու գրա­ւած ա­նա­պա­տի գիւ­ղե­րուն մէջ։ Ճա­կա­տա­գիր։

Սու­րուչ­ցի Սու­լէյ­ման Պե­կը Ուր­ֆա­յի հա­յե­րուն վրայ եր­կու ան­գամ յար­ձա­կում ղե­կա­վա­րած է, եր­կու ան­գա­մուն ալ յա­ջո­ղե­լով հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը քան­դել։ Սա­կայն իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը պար­տի թնդա­նօթ­նե­րուն եւ հրաձը­գու­թեան։ Ուր­ֆա­յի փո­ղոց­նե­րուն վրայ ռումբ կը տե­ղար եր­կին­քէն, հա­յե­րը ստի­պո­ւած կ­՚ըլ­լա­յին ձգել ի­րենց թա­ղե­րը։ Սու­լէյ­ման Պե­կը ի­րենց կը սպա­սէր 600 զի­նո­ւոր­նե­րով, 1915ի Հոկ­տեմ­բեր 1ին։

Մէկ բան եւս Սու­րու­չի մա­սին։ Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­նաց հի­ւան­դա­նո­ցը։ Այս­տեղ գոր­ծած է չա­րա­բաս­տիկ հի­ւան­դա­նոց մը, ուր մտնո­ղը ողջ չէ ե­լած։ Պա­տում­նե­րը կ­՚ը­սեն, թէ հի­ւան­դա­նոց կո­չո­ւա­ծը լոկ վայրն էր մա­հա­ցու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը տա­րա­ծե­լու։ Այս հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ 1915ի Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ 1916ի Ապ­րի­լը կեանք տո­ւած է 30 հա­զար մարդ։ Ի վեր­ջոյ գաղ­թա­կան­նե­րէն ո­մանք հաս­տա­տո­ւած էին Սու­րու­չի մէջ, 1800 հո­գի։ Ա­նոնք ա­ռան­ձին հրա­մա­նով աք­սո­րո­ւած են Կի­րա­կի օր մը ա­ռա­ւօ­տեան, Յու­նո­ւար 9, 1916ին։

«Ա­կօս»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.