Ըստ թուրք պատգամաւորին՝ Թուրքիոյ մէջ Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) առաքելութիւնը կը շարունակեն երկու կուսակցութիւններ
- (0)

Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան քաղաքական թևը համարուող Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) փոխնախագահ, պատգամաւոր փրոֆ. Սեմիհ Եալչընը Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան մասին յայտարարութիւն կատարած է, նշելով, որ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները պատճառ դարձան քաղաքական ճգնաժամի և ահաբեկչական միջադէպերու:
Սեմիհ Եալչըն նաեւ յայտարարած է, որ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) ղեկավարները առնչութիւն ունին «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան» (PKK) հետ: Ըստ Եալչընի՝ անիմաստ է տարբերութիւն դնել HDP -ի և նրա զինված թևի PKK-ի միջև:
Ան նաեւ բաղդատական կատարած է PKK-ի և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջև՝ ըսելով. « PKK-ն ունի նոյն անջատողական նպատակները, որ ունէր ՀՅԴ-ն, որ ստեղծուած էր 1890 թուականին և կը ցանկար Օսմանեան հողերուն վրայ ինքնավար շրջան ստեղծել: ՀՅԴ-ի առաքելութիւնը HDP-ը եւ PKK-ը կը շարունակեն»: