7 Դեկտեմբեր 1988. ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Սպիացող Վէրքերը եւ Չմարող… Կսկիծը
Նազարէթ Պէրպէրեան
Գրեթէ երեք տասնամեակ անցած է արդէն 7 Դեկտեմբեր 1988ի այն չարաղէտ օրէն ասդին, երբ ահաւոր երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, տասնեակ հազարներով հայ մարդոց, յատկապէս մանկահասակներու կեանք խլեց եւ, Հայաստանի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը։
Դեկտեմբեր 7ի օրը, 29 տարի առաջ, Երեւանէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հաւասարապէս հայ թէ օտար մարդիկ զարհուրանքով հետեւեցան Սպիտակէն սկսած եւ ամբողջ Շիրակի բարեբեր դաշտը մեծ գերեզմանոցի մը վերածած երկրաշարժի ցնցիչ լուսանկարներուն։
Անխտիր ամէնքն ալ ոչ միայն համակուեցան մարդկային եւ նիւթական ծանրագոյն կորուստներուն պատճառած խոր ցաւով, այլեւ զարհուրանքով հաստատեցին, թէ բնութեան դէմ որքա՜ն անզօր են տակաւին մարդ էակն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը… գիտական, այլեւ արհեստագիտական իրենց բոլոր նորագոյն յայտնագործումներով եւ նուաճումներով հանդերձ։
1988ի այդ օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, տակաւին խորհրդային կարգերու տակ ապրող Հայաստանի մէջ, ընդհանրապէս Գիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան եւ իրենց փլատակներուն տակ թաղեցին սերունդներու կենսագործութեան մարմնական, նիւթեղէն թէ հոգեմտաւոր մարդկային հարուստ արգասիքը։
Կործանարար երկրաշարժը խլեց աւելի քան 35.000 զոհեր, իր ետին ձգեց 130.000 տարբեր աստիճանի վիրաւորներ, իսկ 500.000 հոգի դատապարտեց — այս կամ այն չափով — անտուն ու անօթեւան կեանքի…
Մասնագիտական գնահատումով եւ նորօրեայ հաշուարկներով ՝ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 3.000.000.000՝ եւրոյի վնաս պատճառեց։
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնած է Աղէտի Գօտին։ Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ։ Գիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ՝ Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները։
Թէեւ դեռ չէ անցած կսկիծը հարիւր հազարաւորներու, որոնք երկրաշարժէն 29 տարի ետք ալ տակաւին կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը.
Թէեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս այսօր կ’ոգեկոչէ 29րդ տարելիցը 1988ի աղիտալի երկրաշարժին.
Բայց արդէն սպիացած են վէրքերը, որքան ալ ցաւն ու վիշտը տակաւին զգացնեն իրենց անդարմանելիութիւնը։
Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ ողջ աշխարհին ու մարդկութեան։
Սպիտակի աղէտը առաջացուց միջազգային սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով՝ մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ու զօրակցութեան ոգին։
Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան բնութեան ցնցումին ու հարուածին ուժգնութիւնը պէտք է ունենար։
Աննախընթաց տարողութեամբ բարձր աստիճանի երկրաշարժը, վստահաբար, այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ իրենց կառուցման ժամանակ բնակութեան ու աշխատանքային շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու կազմակառուցային ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային։
Սպիտակի երկրաշարժէն 29 տարի ետք մասնագէտները արդէն դառնութեամբ եւ ընդվզումով կը հաստատեն, որ 1988ի կորուստներուն 80 տոկոսը հետեւանք էր շինարարական խղճմտութեան… պակասին։
Իսկ հայ մարդուն խորագոյն ցաւը, երկրաշարժէն 29 տարի ետք, կը շարունակէ մնալ ճնշող դառնութիւնը այն իրականութեան, որ ինչպէս խորհրդային՝ օտարոտի բռնատիրութեան տարիներուն, նաեւ մեր օրերուն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, տակաւին կը տիրեն մեր ժողովուրդի արարած արժէքներուն եւ հանրային հարստութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու իշխանութեան եւ ստուերային ուժի տէր մարդոց շիլ մօտեցումները։
Այս բոլորով հանդերձ՝ Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը։
Աղէտէն ամիսներ առաջ, Արցախեան Շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն կրցաւ, Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու իր զօրաշարժով, ջնջել իր յաղթարշաւը արգելակող սահմանագծումներն ու սահմանափակումները։
Իր խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ, 1988ի դեկտեմբերեան այդ օրերուն, հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի միացում պահանջեց եւ համազգային վճռականութեամբ բռունցք բարձրացուց։
Ահա՛ վերանկախացեալ Հայաստանը պատմական տարողութեամբ բախտորոշ ամբողջ ճամբայ մը հարթած ու կտրած է Սպիտակի երկրաշարժէն ասդին։ Հայաստան իր արժանի տեղը տակաւ կը գրաւէ ազատ ու անկախ ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ՝ յաղթահարելով իրեն պարտադրուող ամէն կարգի արտաքին, թշնամակա՛ն բոլոր սեղմումներն ու ազգային իր յաղթարշաւը արգելակող փորձող խոչընդոտները։
Միաժամանակ, սակայն, ամէն տարի, Դեկտեմբեր 7ի այս օրը, աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայութիւնը, անդարմանելի կորուստի կսկծանքով իր հայեացքը կը կեդրոնացնէ Սպիտակի երկրաշարժին տակաւ սպիացող վէրքերուն, այլեւ դեռ կոտտացող ազգային ցաւերուն վրայ։
Եւ բնութեան ամէնէն ահաւոր աղէտներէն եւ թշնամական մահացու հարուածներէն անգամ յառնելու իր ազգային անսպառ կենսունակութեամբ՝ հայ մարդը այսօր աշխարհի չորս ծագերուն մոմ մը կը վառէ ոչ միայն Սպիտակի երկրաշարժի անխտիր բոլոր զոհերու յիշատակին, այլեւ անոնց հոգիներու անդորրութեան ընդմէջէն՝ վերապրող հայութեան ուղին լուսաւորելու առաջադրանքով։