Բացում Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» Ճաշասրահի

 

Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին ճաշասրահը վերանորոգուեցաւ եւ վերակահաւորուեցաւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ բարերար Տ. եւ Տիկ. Արթօ եւ Ալիս Մարգարեանի: Յետ ճաշասրահի վերանորոգութեան, Չորեքշաբթի, 13 Մայիսի երեկոյեան կատարուեցաւ բացումը, Հովանաւորութեամբ Առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի եւ ձեռամբ Մարգարեան զոյգին: Ներկայ էին նաեւ Մարգարեան ընտանիքի անդամներ ու հարազատներ, եւ Հայ Կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատեց Կիլկեան Իշխան Պրն. Արթօ Մարգարեանը եւ Շնորհափայլ Տիկ. Ալիս Մարգարեանը: Ան բարերարութիւնը նմանցուց այն հրեշտակին գործունէութեան, որ Պրոպատիկէի աւազանը յուզելով կեանքի նորոգութիւն կը բերէր: Բարերարութեամբ կը նորոգուին թէ՛ մեր Հայ Կեդրոնին եւ դպրոցին շէնքերը, եւ թէ՛ անոնց մէջ խնամուող հայեցի մթոնոլորտը:

Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետը ըսաւ.-Բարերար Տ. եւ Տիկ. Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան միշտ սատարած են մեր համայնքի բազամազան ծրագիրներու իրագործման: Հիմա ալ ուրախութեամբ հոգացին ճաշասրահին վերանորոգութեան եւ վերակահաւորման ծախսերը, նուիրելով՝ 150,000$: Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան որոշումով, այս հաճելի տեղը կ՚անուանենք «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան Ճաշասրահ»: Վստահ ենք, որ հոս ճաշելը աւելի վայելք պիտի ըլլայ բոլորին համար: Ձեր վարձքը կատար սիրելի Տ. եւ Տիկ. Մարգարեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.