ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդականի ամավերջի հանդէսները կայացան Թորոնթոյի մէջ

 

Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդականի ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան Ուրբաթ 12, Երեքշաբթի 16 եւ Ուրբաթ 19 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն՝ Հոգեշնորհ Տէր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներուն, հարազատներուն, բարերարներուն, Ուսումնական Մարմնի անդամներուն եւ ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիին, Տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեանին, փոխ-տնօրէններ՝ Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեանին եւ Mr. Roger Veale-ին, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներուն:

Ուրբաթ, 12 Յունիս, 2015-ին, կատարուեցաւ Երկրորդականի 12րդ դասարանի 11րդ հունձքի աւարտական հանդէսը:

Ներկաները յոտնկայս դիմաւորեցին 26 շրջանաւարտները, որոնք սրահ մուտք գործեցին հանդիսաւոր երաժշտութեան ներքոյ: Հնչեցին Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները: Հանդիսավարները՝ Հայերէն լեզուի ուսացչուհի՝ Տիկ. Աշխէն Մալխասեան եւ Անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Օր. Մարսի Տրայմըր, ողջունեցին ներկաները: Ապա, բարի աւանդութեան համաձայն, շրջանաւարտները ներշնչումով արտասանեցին Պ. Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» հանրայայտ բանաստեղծութիւնը:

Շրջանաւարտներու անունով, երեք աշակերտներ՝ Ճանի Տէր Յովակիմեան (Հայերէն), Լոռա Ստեփանեան (Անգլերէն) եւ Արփի Ագըլեան (Ֆրանսերէն), ընթերցեցին հրաժեշտի եւ երախտիքի խօսքը: Անոնք խորին շնորհակալութեամբ վարժարանը կոչեցին իրենց տունը, մասնաւորապէս շեշտելով, որ իրենց ստացած փայլուն ուսումի եւ հայեցի դաստիարակութեան հետ միասին, իրենք տարիներ շարունակ վայելած են իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ տնօրէնութեան անսպառ սէրն ու հոգատարութիւնը: Շնորհակալութեան ջերմ խօսքեր յղեցին նաեւ իրենց ծնողներուն, որոնք տարիներ շարունակ, ի գին ամէն զոհողութեան, զիրենք պահած են այդ հայակերտ վարժարանին մէջ:

Վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողները եւ ուսուցիչները, ապա շրջանաւարտներուն յանձնեց մրցանակները՝ տրամադրուած կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ անհատ ազգայիններու կողմէ:

Կրթական մարմնի ատենապետուհի Անի Հոթոյեան Ժոլի հակիրճ կերպով ներկայացուց Կրթական մարմնի աշխատանքները եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու բոլոր հանդիսականները:

Տնօրէնի հրաւէրով բեմ բարձրացան բոլոր ուսուցիչները, եւ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը: Բոլոր 26 շրջանաւարտներն ալ ընդունուած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ:

Հանդիսութիւնը աւարտուեցաւ Հայր Սուրբի շնորհաւորական խօսքով, բարի մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

ՀՕՄի վարժարանը ազգին պարգեւեց մէկ սերունդ եւս, զինուած՝ արդի գիտելիքներով եւ կոփուած հայու միտքով ու հոգիով, պատրաստ դիմագրաւելու նոր ժամանակներու փորձութիւններն ու դժուարութիւնները: Բարի՛ երթ:

*

* *

Երեքշաբթի, 16 Յունիս, 2015-ին, տեղի ունեցաւ Ծաղիկ դասարանի ամավերջի հանդէսը: Թատերասրահը կը յորդէր ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ: Բեմի յարդարանքը իր իւրայատուկ ոճով ու ճաշակով չէր կրնար անտարբեր ձգել հանդիսատեսը, որ առիթը ունեցաւ դիտելու մանկապարտէզի առօրեան ցոլացնող տեսաերիզ մը, ապա «Հայաստանը Մերն Է» երգով 50 շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներ, երգելով բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին երգերու, արտասանութեան եւ պարի ծաղկեփունջ մը մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով. այսպէս յաջորդաբար կատարուեցաւ «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» (արտասանութիւն), «We Will Rock This School» (երգ), «Մենք Նոր Սերունդ» (երգ), «Les Chansons de Notre Enfance» (երգ), «Այս Զով Այգին» (երգ), «Երբ Մեծնամ – When I Grow Up» ապագայի անհատական փափաք, սահիկի ընկերակցութեամբ, պար՝ «Իմ Անունը Հայաստան Է» եռագոյն դրօշի ծածանումով եւ աշակերտներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, որ սրահին մէջ խանդավառութեան մեծ ալիք յառաջացուց:

Բեմ բարձրանալով, վարժարանիս փոխ-տնօրէն, Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան, շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներն ու իրենց ծնողները, գնահատեց ուսուցիչներուն անվերապահ աջակցութիւնը եւ անդրադարձաւ այս տարուայ հունձքի կարեւորութեան մասին, որ զուգադիպելով 100-ամեակին մեծ նշանակութիւն կը ստանայ:

Շրջանաւարտ աշակերտները իրենց հրաժեշտի երգով եւ «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ»ի ուղերձով վկայականներ ստացան, որմէ ետք Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Հայր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ապա աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Այս առիթով, յատուկ ծրարներ բաժնուեցան վկայական ստացող 50 աշակերտներուն, որոնք տրամադրուած էին ծնողներու կողմէ, համագործակցութեամբ՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի Տիկ. Յասմիկ Խրլաքեանի: Տեղին է յիշել, որ հանդէսի նախօրեակին՝ Կիրակի, 14 Յունիսին, այս 50 շրջանաւարտները, պահելու համար աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութիւնը, ներկայ եղան Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ սուրբ պատարագի մատուցման, հաղորդուեցան եւ երգեցին «Եկեղեցին Հայկական»ը, խոր յուզում եւ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ հաւատացեալ ներկաներուն:

* * *

Ուրբաթ, 19 Յունիս, 2015-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկորդականի եզրափակիչ հանդէսը կատարեց 8-րդ դասարանը, փակելով 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը եւ բոլորելով ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան 36-րդ տարին:

Շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներուն հանդիսաւոր մուտքով, Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներու ունկնդրութեամբ, հանդիսավար՝ Տիկ. Յասմիկ Պապեանի բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութիւնը սկսաւ: Անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Նորա Պուքօ, արտայայտեց իր սրտի խօսքը, ապա Տիկ. Յասմիկ Պապեան ըսաւ. «Այսօր, 21 աշակերտ-աշակերտուհիներու այս հանդիսաւոր ներկայութիւնը, սոսկ ամավերջի վկայականներու բաշխման հանդէս մը չէ: Յանձնառութեամբ, անսահման զոհողութիւններով յագեցած օրհնաբեր ճիգերու գումարն է. մեր լինելութեան վկայութեան յաղթանակն է, որ կը յիշատակուի: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին զուգադիպող 8-րդ այս աւարտականները, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ իր նկարագրով, հայու ոգիով սնած, ուռճացած այս հունձքը, հրաժեշտ կու տան միջնակարգին եւ հաստատ ու վճռական կ’անցնին Երկրորդական, հայու ոգիի անմահութեան հետ դաշինք կնքելով եւ այդ ոգին է, որ Համաստեղի բառերով պիտի փոխանցեն մեզի, որպէս վկան մեր գոյատեւումին» եւ հրաւիրեց շրջանաւարտները կատարելու իրենց խմբական արտասանութիւնը. բոլոր մենասողները հանդէս եկան, ապրումով եւ ըմբռնելով «Հայու Ոգին», արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Երեք աշակերտուհիներ՝ Արիանէ Ղազարեան (հայերէն լեզուով), Նաթալի Անտոնեան (ագլերէնով) եւ Թիթեռ Քարկոցեան (ֆրանսերէնով), յաջորդաբար կարդացին իրենց ուղերձները, արտայայտելով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ՝ դպրոցին, Տնօրէնութեան, Ուսուցչական Կազմին եւ իրենց ծնողներուն:

Վարժարանի Տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, շրջանաւարտներուն փոխանցեց իր պատգամը, յորդորելով զիրենք ըլլալու տիպար քաղաքացիի կողքին լաւ հայեր, ձգտիլ բարձրագոյնին, նուաճումներ արձանագրել, բայց մանաւանդ՝ կառչած մնալ իրենց հայկական արմատներուն. ապա, Տնօրէն՝ Դոկտ. Մարտիրոսեան, կատարեց մրցանակաբաշխումը, որոնք հայթայթուած էին միութիւններուն եւ դպրոցասէր ազգայիններու կողմէ:

Ուսումնական մարմնի ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիի շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն փոխանցած սրտի խօսքէն եւ վարժարանի արձանագրած վերելքներու զեկուցումէն ետք, կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը: 21 երկսեռ աշակերտներ, ստացան իրենց վկայականները, ձեռամբ Տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեանի եւ դաստիարակ՝ Տիկ. Յասմիկ Պապեանի: Վկայեալ աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ բեմին վրայ գտնուող իրենց դասատուներուն:

Հոգեշնորհ Հայր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի գնահատական խօսքերով եւ պահպանիչով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Ամավերջի այս երեք հանդէսներու կատարումով, անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ հայ վարժարանի գրասեղաններէն ջամբուած հայեցի դաստիարակութեան դրօշակիր՝ Հայ Դպրոցը կը շարունակէ իր երթը «Դէպի աղբիւրը լոյսին»:

Ա.Մ. եւ Յ.Պ.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.