30 Յունիս 1914. Թալէաթ Ռուսաստանի դէմ «զինակցութիւն» կ’առաջարկէ Արշակ Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի
Յունիս 30ի այս օրը, 101 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ քաղաքական հանդիպում մը կայացաւ մէկ կողմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ Արշակ Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի, իսկ միւս կողմէ թրքական պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի միջեւ։
Հանդիպման նախաձեռնողը Թալէաթն էր, որ Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ 1911ին խզուած յարաբերութիւնները իբր թէ վերականգնելու ընդհանուր առաջադրութեամբ՝ կ’ուզէր Վռամեանի եւ Գարոյի ներկայացնել մասնայատուկ «զինակցութեան» առաջարկութիւն մը։
Իթթիհատական ներկայացուցիչին առաջարկած «զինակցութիւն»ը ծայր աստիճան արկածախնդրական էր ու յղի՝ վտանգաւոր հետեւանքներով։ Թալէաթ կը տեղեկացնէր, թէ Իթթիհական կառավարութիւնը որոշած էր, եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ մօտալուտ մեծ պատերազմի բռնկման պարագային, դաշնակցիլ Կայսերական Գերմանիոյ հետ՝ անոր կողքին Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանուր պատերազմին մէջ մտցնելով։
Այդ հիման վրայ ալ, Իթթիհատ Դաշնակցութեան կ’առաջարկէր զինակցիլ Ցարական Կայսրութեան դէմ՝ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնավարութիւն շնորհելու խոստումով…
Նման բնոյթի տեսակցութեան եւ առաջարկութեան կը վերաբերի 30 Յունիս 1914ի յուշատետրի էջը՝ լուսարձակի տակ առնելով նախօրէի պատմական զարգացումներու խորապատկերն ու այդ բոլորի ազգային-քաղաքական նշանակութիւնը, ինչպէս եւ անդրադարձը հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ։
Նախ՝ տեսակցողներուն մասին։
Թալէաթ ոչ միայն գլխաւոր դէմքն էր Իթթիհատի ղեկավար եռապետութեան, այլեւ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործոց նախարարն էր։ Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան) Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ էր եւ, միաժամանակ, Վանի հայութիւնը ներկայացնող պետական պատգամաւոր էր օսմանեան խորհրդարանին մէջ։ Իսկ Պանք Օթոմանի հերոսական գրաւումէն վերապրած Արմէն Գարոն (Գարեգին Փաստրմաճեան) Կարնոյ հայութիւնը ներկայացնող պետական պատգամաւոր էր մինչեւ 1913, երբ նոյնինքն Թալէաթի սադրանքներով պարտութեան մատնուեցաւ օսմանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, բայց որ 1913ի Օգոստոսին Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։
Փաստօրէն տեղի ունեցածը անպաշտօն տեսակցութիւն մըն էր Իթթիհատի եւ Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան միջեւ։ Երեք մասնակիցներն ալ անձնապէս քաջածանօթ էին իրարու։ Մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, անոնք պատասխանատու մասնակցութիւն ունեցած էին Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ առաջացած գործակցութեան մէջ՝ Համիտեան բռնատիրութեան դէմ մղուած համաօսմանեան ընդհանուր պայքարի շրջանին։ Նոյնպէս այնուհետեւ՝ յատկապէս 1911ի Իթթիհատ-Դաշնակցութիւն խզումէն ետք, անոնք կարեւոր դերակատարներ եղած էին իրենց միջեւ շարունակուած գործակցութեան բանակցութիւններով, բախումներով եւ… հակադրութիւններով։
Տեսակցութեան պատմական խորապատկերին վերաբերեալ կարեւոր է նշել, որ 1909ի Կիլիկիոյ Մեծ Աղէտէն ետք, անվերականգնելիօրէն վատթարացան կապերը Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ՝ պետական-քաղաքական միեւնոյն դաշտին մէջ գործելու հարկադրանքով հանդերձ։
Այսօր արդէն պատմական բացայայտումները կը հաստատեն, որ Իթթիհատ 1912ին, Սելանիկի իր գաղտնի ժողովին կայացուցած գեր-գաղտնի որոշումով, վճռած էր պետականօրէն գործադրել հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ծրագիրը՝ մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուելու» համար Հայկական Հարցէն։
1913ին պայթած էր Պալքանեան պատերազմը, որ վերջ գտաւ օսմանեան բանակի անփառունակ պարտութեամբ։ Իթթիհատ ոչ միայն իր կրած պարտութեան համար պատասխանատու նկատեց Դաշնակցութիւնը, որ Անդրանիկի հրամանատարութեամբ մասնակցած էր հակաթուրք պատերազմին, այլեւ՝ իր ներքին գաւառներուն այսպէս կոչուած «սպառնացող վտանգ»ը կանխելու մտադրութեամբ, տենդագին լծուած էր Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտնելու եւ, ընդհանուր կռուի պայմաններուն մէջ, հայասպանական իր ծրագիրը արագացնելու հրէշային գործին։
Մանաւանդ որ Ռուսաստանի ճնշումներով եւ Եւրոպական մեծ տէրութեանց հախոհութեամբ՝ օսմանեան կառավարութիւնը ստիպուած եղած էր ընդունելու հայկական նահանգներուն վարչական ինքնավարութիւն տալու ծրագիրը եւ հաստատուած էր Հոֆն ու Վեստենենկը իբրեւ կառավարիչներ Արեւմտահայաստան ուղարկելու որոշումը, իսկ Արմէն Գարոյի վստահուած էր փոխ-կառավարիչի պատասխանատուութիւնը։
Ահա՛ այդ պայմաններուն մէջ, հայ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը քաղաքականօրէն քնացնելու թրքական «դիւանագիտութեամբ», Թալէաթ անձնական տեսակցութիւն ունեցաւ Վռամեանի եւ Գարոյի հետ՝ իբր թէ համոզելու համար, որ Դաշնակցութիւնը ինչո՛ւ պէտք է գործակցի Իթթիհատի հետ, Գերմանիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի հռչակման պարագային։
Տեսակցութենէն ամիս մը ետք արդէն, Յուլիս 1914ին, երբ Դաշնակցութիւնը Կարնոյ մէջ կը գումարէր իր 8րդ Ընդհանուր Ժողովը, Իթթիհատ պաշտօնապէս իր բանագնացները ուղարկեց Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովին՝ առաջարկելու համար, որ Արեւմտահայաստանի թէ Արեւելահայաստանի մէջ Իթթիհատի կողքին պատերազմի մէջ մտնելու պարագային, անխուսափելի պիտի ըլլար յաղթանակը եւ ապահովուած պիտի ըլլար, իբր թէ, ազատագրուած ամբողջ Հայաստանի ինքնավարութիւնն ու հետագայ անկախութիւնը….
Անշուշտ ե՛ւ Թալէաթի հետ անպաշտօն հանդիպման ընթացքին, թէ՛ Իթթիհատի պաշտօնական բանագնացներու դիմումին՝ Դաշնակցութիւնը ունէր մէկ ու միակ պատասխան, որ կայացուած էր տակաւին 1911ի Օգոստոս-Սեպտեմբերին, Պոլսոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 6րդ Ընդհանուր Ժողովին։
Մեկնելով 1909ի Ատանայի Կոտորածին դառնաղէտ դասէն, Դաշնակցութիւնը որոշած էր բոլոր ուժերով լծուիլ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան վերակազմակերպումին, իսկ Կովկասի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հաւանական պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր շրջանի հայութեան մղել, որ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարէ միայն։ Նաեւ արթուն գտնուի՝ ազգային հաւանական որեւէ վտանգի նկատմամբ։
Նման բովանդակութեամբ եւ պատմական նշանակութեամբ հանդիպումի մը տարեդարձն է այսօր։
30 Յունիս 1914ին, թրքական երկերեսայնութիւնը իր պատմական դրսեւորումներէն մէկը ունեցաւ, երբ մեծ ջարդարարը՝ Թալէաթ ի գործ դրաւ հայ ժողովուրդն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը խաբելով քնացնելու եւ կռնակէն դաշունահարելու ցեղասպան թուրքի… աւանդական վարքագիծը։
Ն.