Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Մարմնի տեղեկագիր
Յարգելի Օնթարիոյի հայրենակիցներ,
Մայիս 2015-ի վերջաւորութեան իր գագաթնակէտին հասաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած եւ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկներու առաջին հանգրուանը եւ ազդանշանը տրուեցաւ մեր գրքոյկին մէջ նախապէս ծրագրուած ու յայտարարուած ձեռնարկներու երկրորդ հանգրուանին: Հարիւրամեակի յանձնախումբը կը հաւատայ, որ յառաջիկայ ձեռնարկներն ու ծրագիրները նոյնքան ուժեղ պիտի ըլլան եւ նոյնպիսի յաջողութեամբ պիտի պսակուին, այնքան ատեն որ ունինք աջակցութիւնը, համագործակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը բոլոր հայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու: Ստորեւ պիտի փորձենք այս տեղեկագիր-յօդուածով ներկայացնել մեր բոլոր ձեռնարկները, որոնք տեղի ունեցան Յունուարէն մինչեւ Մայիս 2015: Կ’ուզենք անգամ մը եւս ձեր ուշադրութեան յանձնել թէ Հարիւրամեակի Յանձնախումբը բաղկացած է թորոնթոհայ գաղութի կազմակերպութիւններու` չորս եկեղեցիներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երկու բարեսիրական միութիւններու` ՀՕՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներէ: Հայկական բոլոր այլ միութիւնները մասնակցեցան ենթայանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ հանդիսացան բաղկացուցիչ ուժը մեր հարիւրամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման եւ իրականացման: Հակառակ որ Հարիւրամեակի Յանձնախումբի աշխատանքները Գանատայի տարածքին սկսած էին աւելի քան մէկ տարի առաջ, սակայն Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկները Թորոնթոյի մէջ մեկնարկեցին Յունուար 2015-ին:
1.- Հարիւրամեակի առաջին ձեռնարկը կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին առիթով, որ զուգադիպեցաւ «Չարլի Հեպտօ»-ի (Charlie Hebdo) ահաբեկչական գործողութեան Փարիզի մէջ: Երկու միջադէպերն ալ յարձակումներ էին մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան վրայ: Յիշատակի ձեռնարկը լաւապէս կազմակերպուած էր, որու բանախօսն էր Տիկին Ֆէթհիէ Չէթին (Fethiye Çetin), Հրանդ Տինքի փաստաբանը Թուրքիոյ մէջ: Ներկայ ամբոխին եւ գանատական լրատուամիջոցներու ներկայութիւնը, CBC եւ CP24, եկան ամրապնդելու արդարութեան պահանջքը բոլոր զոհերուն հանդէպ:
2.- Հարիւրամեակի երկրորդ ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար ամսուն, ունէր կրթական բնոյթ։ “Sara Corning Institure for Genocide Education”-ի կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած սեմինար` ուր համախմբուեցան ուսուցիչներ որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան դասընթացք կը դասաւանդեն Թորոնթոյի պետական դպրոցներուն մէջ: Միօրեայ այս սեմինարին մասնակցեցան 30 ուսուցիչներ, որոնք 9-րդ դասարանէն 11-րդ դասարանի աշակերտներու կը դասաւանդեն ցեղասպանութեան նիւթեր:
3.- University of Toronto համալսարանին մէջ Թորոնթոյի թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան հերքումի ձեռնարկի ձախողութենէն անմիջապէս ետք, որուն մասնակցեցան երկու անուանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներ` McCarthy եւ Fines, նոյն համալսարանին մէջ Հայ Ուսանողներու Միութիւնը եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կազմակերպեցին դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով «Ճանաչում` մինչեւ հատուցում»: Երեք յայտնի հիւր դասախօսները` Dr. Fatma Göçek, Dr. Jermaine McCalpin եւ Dr. Henry Theriault մեծ հետաքրքրութեամբ ներկայացուցին նիւթը 400 հոգինոց ամբողջովին լեցուն սրահի ներկաներուն, օգտագործելով համեմատական մոտեցում ,երբ կը քննարէին արդարութեան եւ հատուցման թեման, քանի որ անմիջականօրէն կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Այս ձեռնարկը մեծ ձեռքբերում էր ոչ միայն հայ ուսանողական կազմակերպութիւններուն համար, այլ նաեւ` Թորոնթոյի հայ համայնքին: Դասախօսութիւնները կրնաք գտնել հարիւրամեակի մեր կայքէջին մէջ:
4.- Armenian Memorial Faith Build – Համագործակցութեամբ Թորոնթոյի Habitat for Humanity-ի, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւնը, աջակցութեամբ Հարիւրամեակի Յանձնախումբին, համախմբեց կամաւոր երիտասարդներ «100 երիտասարդ 100 տարուայ համար» խորագրին տակ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Հակառակ որ մեր նախահայրերը Օսմանեան իշխանութեան եւ զինուարականութեան կողմէ տեղահանուեցան Արեւմտահայաստանի իրենց քաղաքներէն ու տուներէն, մենք այսօր ժամանակ եւ միջոցներ կը նուիրենք` կառուցելու նոր տուներ չքաւոր ընտանիքներու համար, հազարաւոր մղոններ հեռու` Գանատայի մէջ: Աւելի քան 100 կամաւոր երիտասարդներ մասնակցեցան այս աշխատանքներուն: Երկու խումբի բաժնուած` 50-ական, անոնք կառուցեցին տուներ 28 Մարտ եւ 11 Ապրիլ 2015-ին, եւ հանգանակեցին աւելի քան $25.000 այս շատ կարեւոր համայնքային գործին համար:
Ապրիլ ամիսը Օնթարիոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին համար հանդիսացաւ ամենէն բեղուն ամիսը, որուն ընթացքին իրագործուեցան շատ մը ձեռնարկներ.-
5.- «Միասնութեան Քայլարշաւ»` առաջինը իր տեսակին մէջ Թորոնթոյի մէջ, որուն մասնակցեցան 20-րդ դարու ընթացքին ցեղասպանութեան եւ ցեղասպանական արարքներու ենթարկուած այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Հարիւրամեակի Յանձնախումբը ամիսներ շարունակ աշխատեցաւ, հանդիպումներ ունեցաւ այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան հետ, լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար այս հանրահաւաքը եւ քայլարշաւը` Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին: Ձեռնարկը ժամը 12։30-ին սկսաւ ընդունելութեամբ մը Queen’s Park շէնքին մէջ, որուն ներկայ էին հրաւիրուած քաղաքական եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Եգանեան, Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։ Ընդունելութեան յաջորդեց հանրահաւաքը օրէնսդիր իշխանութեան շէնքին առջեւ, կ. ե. ժամը 1:00-ին, որուն իրենց դրօշակներով մասնակցեցան այլ համայնքներ: Բանախօսներու շարքին էին Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Jason Kenny, Օնթարիոյի վարչապետուհի Kathleen Wynn, ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գանատական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ` դաշնակցային եւ նահանգային կառավարական մակարդակներով, Թորոնթոյի քաղաքապետ John Tory, բազմաթիւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ եւ Մարքամի քաղաքապետ Frank Scarpitti: Մօտաւորապէս 30 քաղաքական ներկայացուցիչներու ընտրանի մը մասնակցեցաւ հանրահաւաքին:
Խօսք առին վերը յիշուած քաղաքական ներկայացուցիչները, որոնք եկան հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ զայն անմիջականօրէն կապեցին այն իրադարձութիւններուն հետ որոնք ներկայիս տեղի կ’ունենան Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, համախմբուած 5000 ցուցարարները քալեցին դէպի հարաւ` անցնելով համալսարանի պողոտայէն դէպի Queen փողոց, հասնելու համար Metropolitan United Church, ուր տեղի ունեցաւ աննախադէպ միջ-համանքային եկեղեցական արարողութիւն, նախագահութեամբ Բարձ. Թովմաս Կարտինալ Քոլինզի, կարտինալ Գանատայի Կաթողիկէ Համայնքի եւ հոգեւոր առաջնորդ Թորոնթոյի Կաթողիկէ Համայնքի, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներու: Բազմաթիւ հիւրեր, ներառեալ քաղաքապետերը, մասնակցեցան Ցեղասպանութեան յիշատակման այս իւրայատուկ քայլարշաւին։
6.- Արեան տուչութեան արշաւի` “Blood for Memory”-ի բացումը կատարուեցաւ 12 Ապրիլ 2015-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ACMAO-ի (Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւն) կողմէ, որպէս մասնակցութիւն համաշխարհային արշաւին` հաւաքելու 1,5 միլիոն արեան միաւոր, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Բացման խօսքով հանդէս եկան Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան նախագահ Տոքթ. Անի Հասըրճեան եւ Տոքթ. Սիրիլ Թահթաճեան: Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Եգանեանն ու իր երկու զաւակները մասնակցեցան եւ եղան առաջին նուիրատուները արեան արշաւին: Եղան 80 արեան նուիրատուներ: Արեան տուչութեան արշաւը, հովանաւորուած Canadian Blood Services-ի կողմէ, կը շարունակուի մինչեւ 2015 տարուան վերջը: Canadian Blood Services-ը յատուկ դիմումնագրեր պատրաստած է, որոնք մեր հանրութիւնը կրնայ օգտագործել` շարունակելու արշաւը եւ հասնելու մեր որոշած թիրախին: Գանատական լրատուամիջոցներու ներկայութիւնը նշանակելի էր. Global Views եւ CBC ներկայ էին եւ հաղորդումներ սփռեցին այս ձեռնարկին մասին:
7.- Գիրքի ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան մեր մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ենթայանձնախումբը կարողացաւ ստանալ համապատասխան արտօնութիւն` ցուցադրելու բազմաթիւ լեզուներով գիրքեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան երեք հանրային գրադարաններու մէջ. Toronto Refenrence Library, որ կը գտնուի Yonge եւ Davenport պողոտային վրայ, Fairview Mall-ի հանրային գրադարանը, եւ University of Toronto-ի Robarts գրադարանը St. George ուսանողական լսարանին մէջ: Գիրքի ցուցահանդէսները շարունակուեցան ամբողջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Robarts գրադարանի ցուցահանդէսը, ունենալով որպէս համադրող Հասմիկ Թորոսեանը, հովանավորութեամբ Թորոնթոյի համալսարանի գրադարաններու, Corning կեդրոնի եւ Հայ Ուսանողներու Միութեան, առաւել ծաւալուն հանդիսացաւ, ունենալով 7 խոշոր ցուցահանդէսի պահարաններ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերով, 5 տարբեր լեզուներով.
8.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22-ը յատուկ օր մըն էր թորոնթոհայութեան համար, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու, ինչպէս նաեւ ազգի մը ցեղասպանութեան մոխիրներէն գոյառման յիշատակի օրն էր: Ասիկա լաւ ապացոյց է, որ հայ ազգը ոչ միայն կը գոյատեւէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն ետք, այլ բարգաւաճած է` վերստեղծելով իր մշակութային ժառանգութիւնը եւ երաժշտութիւնը: The Toronto Symphony Orchestra-ի այդ գիշերուան ելոյթը նուիրուած էր հայկական երաժշտութեան, «Արարատ` Հայաստանի երաժշտութիւն» խորագրին տակ: Նուագախումբի ղեկավար Փիթըր Ունճեան կատարած էր բարձրորակ աշխատանք` առաջնորդելով նուագախումբը եւ հրամցնելով ներկաներուն հայկական երաժշտութիւն, իր հետ ունենալով հանրածանօթ հիւր կատարողներ, ինչպէս` սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանը, դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանը, համաշխարհային հռչակ վայելող ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանը եւ հայկական ազգային աւանդական գործիքներու` թառի, տուտուկի եւ քամանչայի վրայ կատարողներ: 2800 հոգինոց Roy Thompson սրահը ամբողջովին լեցուած էր եւ երեկոն պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Այս ձեռնարկին ծախսերը ամբողջութեամբ հանգանակուած էին համերգի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:
9.- 23 Ապրիլ 2015-ին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ եկեղեցական արարողութիւն, մասնակցութեամբ հայկական միւս եկեղեցիներու բոլոր կղերականններուն: Նոյն միջոցին, Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը կը կատարուէր Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որուն կ’ընկերակցէին աշխարհի տարածքին հայկական բոլոր եկեղեցիները: Այս ուշագրաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին հարիւրաւոր թորոնթոյահայեր, եզրափակուեցաւ հարիւր ղօղանջներով, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
10.- Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին, Օթթաուայի մէջ կայացած բողոքի ցոյցը եւ M-587 օրինագիծի վաւերացումը աննախադէպ միջոցառումներ էին, որոնց Օթթաուա առաջին անգամ ըլլալով Ցեղասպանութեան ցոյցերու 45 տարուայ պատմութեան մէջ ականատես եղաւ, թէ՛ մասնակցողներու թիւով, թէ՛ իրագործուած ձեռքբերումներով: Թորոնթոյի եւ հարաւային Օնթարիոյի հայկական համայնքները 40 հանրակառքերով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց սեփական ինքնաշարժներով, մասնակցեցան ցոյցին` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու Ցեղասպանութեան նահատակներուն: 10,000 հայորդիներու հանրահաւաքը սկսաւ ժամը 12:00-ին խորհրդարանի շէնքին առջեւ, ուր քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատացին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ յիշելու կարեւորութիւնը, կանխելու համար ապագայ ցեղասպանութիւնները:
Հանրահաւաքի նոյն միջոցին, խորհրդարանին մէջ տեղի կ’ունենային քննարկումներ M-587 օրինագիծի վերաբերեալ, զոր ներկայացուցած էր Միսիսոկայէն խորհրդարանի անդամ Brad Butt-ը, որ կ’առաջարկէր Ապրիլ ամիսը հռչակել ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամիս, իսկ Ապրիլ 24-ը` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Ապա, հաւաքը վերածուեցաւ ցեղասպանութեան դէմ եւ Թուրքիոյ կառավարութենէն արդարութեան պահանջատիրութեան ցոյցի: Երթը աւարտեցաւ Օթթաուայի թրքական դեսպանատան առջեւ, ուր արդարութեան պահանջատիրութեան յայտագիր մը ներկայացուեցաւ Հայ Երիտասարդական Միութեան եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան կողմէ: Մօտաւորապէս 100 ընդդիմադիր ցուցարարներ միայն կային խորհրդարանի եւ թրքական դեսպանատան առջեւ:
11.- Շաբաթ, Ապրիլ 25, ժամը 11։00-ին, կատարուեցաւ յատուկ միջոցառում Georgetown-ի Cedarvale համայնքային կեդրոնին մէջ, ուր կը գտնուի Georgetown Boys-ի շէնքը (ագարակատուն)։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած աւելի քան 109 որբեր բերուած եւ տեղաւորուած էին այդտեղ, Օնթարիոյի եւ Գանատայի կառավարութիւններուն, եկեղեցիներու եւ Թորոնթոյի կազմակերպութիւններու ջանքերով:
Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի հայկական շաբաթօրեայ վարժարաններուն կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, այժմ` սուրբերուն, նաեւ տօնելու կեանքը Georgetown-ի հողատարածքներուն վրայ մեծցած ցեղասպանութեան որբերուն: Այս տարի յատուկ ծառ մը եւ գրութիւն մը պիտի զետեղուին այդ հողատարածքին վրայ: Georgetown Boys-ի շէնքը կը նկատուի պատմական ժառանգութեան վայր Halton Hills-ի քաղաքապետութեան եւ Օնթարիոյի կառավարութեան համար:
12.- Flash Mob եւ R-Mean-ի համերգ: Թորոնթոյի հայկական երկու պարախումբերը` Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը միասնաբար ելոյթ ունեցան այս յատուկ միջոցառումին, որ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին դիմաց գտնուող Nathan Phillips Square հրապարակին վրայ, Ուրբաթ, Մայիս 22, ժամը 5:00-ին, R-Mean-ը ունենալով որպէս հիւր երգիչ: Բազմաթիւ կամաւոր երիտասարդներ մասնակցեցան այս ներկայացումին, ինչպէս նաեւ Hip-Hop-ի պարային խումբը` գլխաւորութեամբ Տիկ. Մովսէսեանի: Ներկայ էին մի քանի հարիւր հանդիսատեսներ: Յաջորդ գիշեր` Շաբաթ, Մայիս 23-ին, R-Mean Թորոնթոյի երիտասարդութեան համար ներկայացուց յատուկ համերգ:
13. Շաբաթ, Մայիս 23, ժամը 10։30-ին, դրօշակի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբը Հարիւրամեակի Յանձնախումբին: Բազմաթիւ հայերու ներկայութեան, հայկական դրօշը օրհնուեցաւ եւ բարձրացաւ Markham քաղաքի քաղաքապետարանին դիմաց: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ կարգ մը քաղաքաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակով պաշտօնատար անձեր: Դրօշակի արարողութենէն ետք, քաղաքապետարանի Rotunda սրահին մէջ կարճ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, որուն մասնակցեցան փոխ-քաղաքապետ Jack Heath եւ այլ պաշտօնատար անձեր, որոնք շնորհաւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան 28 Մայիս 1918-ին հռչակուած անկախութեան տօնին առթիւ: Յայտագիրը եզրափակուեցաւ փոքր ընդունելութեամբ:
Վերոգրեալը հակիրճ տեղեկագիր մըն է, որ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու առաջին հանգրուանի իրագործումները: Մեր համայնքի անդամները ստուար թիւերով եւ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այս ձեռնարկներուն, որ ամենէն կարեւոր ազդակն էր որեւէ ծրագրի եւ միջոցառումի աննախադէպ յաջողութեան Թորոնթոյի հայ համայնքին համար: Մենք արդէն ապաւինած էինք Թորոնթոյի հայ համայնքի անդամներու նուիրատուութիւններուն` ծածկելու այս ձեռնարկներու ծախսերը: Մեր նուիրատուութեան խնդրանքին արձագանգը մինչեւ օրս գնահատելի է: Սակայն, այս բոլորի կողքին, հանգանակուած գումարները տակաւին բաւարար չեն մեր նախապէս ծրագրած ձեռնարկները իրագործելու համար: Այս իմաստով, ոչ միայն ձեր բարոյական աջակցութիւնը կը խնդրենք, այլեւ նիւթական օժանդակութիւնը` յաղթահարելու համար մեր նիւթական պարտաւորութիւնները: Յաջորդիւ, մենք մեր համայնքին պիտի ներկայացնենք հաշուապահական մանրամասնեալ գործունէութիւնը, սակայն մինչ այդ կը խնդրենք ձեր նիւթական օժանդակութիւնը վերը յիշուած եւ ապագայ ձեռնարկներու իրականացման համար: Անոնք որոնք տակաւին առիթ չեն ունեցած իրենց նիւթական ներդրումը կատարելու, թող բարեհաճին հանգանակութեան յատուկ խոստումնագիրը լեցնել։ Իսկ անոնք որոնք նախապէս նուիրած են, թող նկատի առնեն երկրորդ անգամ նուիրելու կարելիութիւնը։
Կցուած կրնաք գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախատեսուած ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:
Հարիւրամեակի ձեռնարկներու ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ ձեւերով.
1.- Ամբողջացնելով յատուկ խոստումնագիրը, զոր կրնաք գտնել մեր եկեղեցիներուն եւ կեդրոններուն մէջ
2.- Online նուիրատուութեամբ, այցելելով մեր կայքէջը` www.armeniangenocide.ca
3.- Credit card-ով։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր մասնակցութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն եւ միջոցառումներուն:
Յարգանքներով`
Գրիգոր Շիթիլեան
Ատենապետ
Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Մարմնի
Յունիս 22, 2015