Պետօ Տեմիրճեան. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ամէնէն կարեւոր երկիրներէն է Աւստրիան»


Պէյրութ.- Ուրբաթ, 12 յունիս 2015-ին, Պէյրութի «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու վերջերս շարք մը եւրոպական երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երեւոյթին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ Տեմիրճեան մաս կը կազմէր Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին գլխաւորած պատուիրակութեան, որ ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական կարճաժամկէտ առաքելութիւն կատարած էր:

Խօսելով եւրոպական երկիրներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման շարքին դրդապատճառներուն մասին` Տեմիրճեան ըսաւ, որ գոյութիւն ունին շարք մը պատճառներ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ըլլալու իրողութիւնը, այդ առիթով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան բարձրացուցած աղմուկը, որ իր արձագանգը գտած է Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մօտ, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերու տարիներու վրայ կատարած աշխատանքը: Ան այս ծիրին մէջ մատնանշեց երկու կարեւոր զարգացումներ` Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը:

Տեմիրճեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերջերս ճանչցած եւրոպական երկիրներէն ամէնէն կարեւորն է Աւստրիան, որովհետեւ անոր որդեգրած բանաձեւին մէջ կը նշուի նոյնպէս Աւստրիոյ պատասխանատուութեան կէտը` նկատի ունենալով, որ Աւստրիա-Հունգարիան համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ դաշնակիցն էր, եւ ատիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այս հարցով Գերմանիոյ որդեգրելիք որոշումին վրայ:

Խօսելով Գերմանիոյ պարագային մասին` Տեմիրճեան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին քննարկման հարցը 30 ապրիլին յետաձգուած չէր, այլ` Գերմանիոյ խորհրդարանի յանձնախումբերն էին, որ այդ հարցը այդ թուականին քննարկեցին եւ իրենց կարծիքը փոխանցեցին խորհրդարանի նախագահին, որ հարցը քննելէ ետք զայն պիտի բերէ օրակարգի վրայ:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ 2014-ի տարեկան զեկուցումին, Տեմիրճեան ըսաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով այս տարուան քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ բանաձեւման շուրջ տարբեր խմբակցութիւններուն միջեւ տարակարծութիւն գոյութիւն ունէր, եւ հարցը յետաձգուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք: Ան նշեց, որ դեկտեմբեր 2005-էն ի վեր Հայոց ցեղասպանութեան կէտը երբեք չէր նշուած այս տարեկան զեկուցումներուն մէջ, եւ այս տարի նշուիլը արդիւնք է Թուրքիոյ մէջ «ընկերային յեղափոխութեան», ուր ուժեր կ՛ուզեն խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր ճանաչման մասին, ինչպէս նաեւ արդիւնք է հայկական կազմակերպութիւններու անխոնջ աշխատանքին:

Պատասխանելով ընտրութիւններու դիտարկման համար Թուրքիա այցելութեան մասին հարցումին` ան ըսաւ, որ Թուրքիա այցելութիւնը առիթ ընծայած է զանազան հանդիպումներ ունենալու ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած հայ թեկնածուներու` Սելինա Տողանի եւ Կարօ Փայլանի, նոյնպէս ալ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի եւ Սելահեթթին Տեմիրթաշի հետ:

Տեմիրճեան յայտնեց, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մուտքը խորհրդարան պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: Ան խրախուսիչ նկատեց հայ երեսփոխաններու ներկայութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի փորձեն կապերը պահել, եւ այդ երեսփոխանները պէտք է զգան, որ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կրնայ զօրակցիլ իրենց, եւ հայ երեսփոխանները առանձին չեն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.