19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան Ահաբեկեց Պաքուի Հայութեան Ջարդարարը՝ Ֆաթալի Խան-Խոյսկին


Յու­նիս 19-ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, 1920-ի ­Մա­յի­սին ար­դէն խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն հռչա­կո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան ա­ռա­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­գա­հը՝ ­Ֆա­թա­լի ­Խան ­Խոյս­կին ա­հա­բեկուե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի ­Գո­լո­վինս­կի փո­ղո­ցին (այժմ` ­Ռուս­թա­վել­լի պո­ղո­տայ) վրայ։

Ա­հա­բե­կի­չը Ա­րամ Եր­կա­նեան ա­նու­նով դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ մըն էր, որ իր յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թեամբ ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տեց թուր­քե­ւա­զե­րի հա­յաս­պան ջար­դա­րար­նե­րը ար­դար դա­տաս­տա­նի եւ մա­հա­պա­տի­ժի ար­ժա­նաց­նե­լու Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շած «­­Նե­մե­սիս» ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Խան-­­Խոյս­կի կը հան­դի­սա­նար, Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Ջի­վան­շի­րի հետ, գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն իթ­թի­հա­տա­կան թուր­քե­րու հիմ­նադ­րած Ատր­պէյ­ճան պե­տու­թեան տա­րած­քին հա­յու­թիւ­նը կո­տո­րե­լու եւ տե­ղա­հան դարձ­նե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրագ­րի մշա­կու­մին ու գոր­ծադ­րու­թեան։

1918-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն, օգ­տո­ւե­լով ռու­սա­կան զօր­քե­րը ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րէն տուն կան­չող ­Լե­նի­նի քայ­լէն, որ փաս­տօ­րէն ան­պաշտ­պան ձգեց ռու­սեւ­թուրք սահ­մանն ու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ հա­յու­թիւ­նը, իթ­թի­հա­տա­կան ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը կորսնց­նե­լու պա­հուն, նո­րո­վի գրո­հի ձեռ­նար­կեց Անդր­կով­կա­սի ուղ­ղու­թեամբ։

Վե­րագ­րա­ւե­լով Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րը` թրքա­կան զօր­քե­րը ար­շա­ւե­ցին Այսր­կով­կաս: Թր­քա­կան 3րդ­ եւ 4րդ ­զօ­րա­խում­բե­րու` 1918 թ. ­Մա­յի­սին ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սաի ճա­կա­տա­մար­տե­րուն կրած պար­տու­թե­նէն յե­տոյ, թրքա­կան երկ­րորդ զօ­րա­խում­բը ­Ջա­ջուռ-­­Հա­մամ­լու-­­Ղա­րա­քի­լի­սա-­­Դի­լի­ջան-­­Ղա­զախ-Ե­լի­զա­վետ­պոլ գի­ծով ար­շա­ւեց դէ­պի ­Պա­քու:

Թուր­քե­րու ­Պա­քու մուտ­քը մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­ցաւ ­Գան­ձա­կի մէջ գտնո­ւող Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ­Դե­մոկ­րա­տա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան մու­սա­ւա­թա­կան նո­րաս­տեղծ կա­ռա­վա­րու­թեան (նա­խա­գա­հը` Մ. ­Ֆա­թա­լի ­Խան-­­Խոյս­կի) կող­մէ: ­Թուրք-մու­սա­ւա­թա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ա­ւե­լի ակ­նա­ռու դար­ձաւ, երբ 1918-ի ­Մա­յի­սի 27ին ­Մո­սու­լէն ­Գան­ձակ ժա­մա­նեց ­Կով­կա­սեան թրքա­կան բա­նա­կի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար ­Նու­րի փա­շան:

Մա­յիս 1918ի վեր­ջե­րուն ­Պա­քո­ւի ճա­կա­տին վրայ գտնո­ւող թրքա­կան ու­ժե­րուն ընդ­հա­նուր թո­ւա­քա­նա­կը ար­դէն հա­սած էր 18-20 հա­զա­րի եւ օ­րէ օր կ­’ա­ւել­նար։ ­Գան­ձակ գտնո­ւող Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու ­Մու­սա­ւաթ կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծիչ­նե­րու գաղտ­նի խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ, մշա­կո­ւե­ցան ­Նու­խիի, Ա­րէ­շի, կէօք­չա­յի, ­Շա­մա­խի եւ ­Պա­քո­ւի գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան կո­տո­րած­նե­րու ծրա­գի­րը:

Այս ա­ռու­մով ու­շագ­րաւ է, կո­տո­րած­նե­րէն ա­ռաջ, ­Նու­խիի, ­Շա­մա­խի եւ ­Պա­քո­ւի քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Բէյ­բուդ ­Խան-­­Ջի­վան­շի­րի գաղտ­նի հրա­մա­նը, որ կը հրա­հան­գէր.- «Անհ­րա­ժեշտ է ոչն­չաց­նել հա­յե­րը, ա­նոնց դիակ­նե­րու վրա­յէն անց­նե­լով մեր նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար: ­Մի՛ խնա­յէք ոչ ո­քի եւ հա­ւա­տար­մօ­րէն կա­տա­րե­ցէք ձե­զի տրո­ւած հրա­հանգ­նե­րը»։

Այդ օ­րե­րուն ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մղած հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը (­­Լե­նի­նի գոր­ծա­կից Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր ­Ռոս­տո­մի միա­ցեալ ղե­կա­վա­րու­թեամբ) ա­ռան­ձին անդ­րա­դար­ձի նիւթ է։ Այ­սօ­րո­ւան յու­շա­տետ­րը կը կեդ­րո­նա­նայ այդ օր­հա­սա­կան կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ յատ­կա­պէս թրքա­կան զօր­քե­րու ­Պա­քու մուտ­քէն ետք հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ մո­լեգ­նած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնց գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն էր ­Խան-­­Խոյս­կին եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ, 1920-ի ­Յու­նիս 19-ին, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի ձե­ռամբ ստա­ցաւ իր ար­դար պա­տի­ժը։

Այդ օր, ինչ­պէս որ ար­խիւ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, «­­Թիֆ­լի­սի ­Գո­լո­վինս­կու փո­ղո­ցում ան­շուք ար­տա­քի­նով բա­կա­պա­նի վրայ ոչ ոք ու­շադ­րու­թիւն չդարձ­րեց: ­Ծու­լօ­րէն յօ­րան­ջող բա­կա­պա­նը յան­կարծ կեր­պա­րա­նա­փո­խո­ւեց, երբ ե­րե­ւաց ­Խան-­­Խոյս­կին` իր ­ղո­չի­նե­րով: ­Մի պահ միայն թուրք դա­հի­ճը տե­սաւ ա­հեղ վրի­ժա­ռո­ւին ու այ­լեւս… ո­չինչ չտե­սաւ: ­Պայ­թեց Ա­րա­մի մաու­զե­րը եւ հա­յա­կեր դա­հի­ճը ըն­կաւ ջախ­ջա­խո­ւած գան­կով: Եւս եր­կու կրա­կոց, ու է­լի եր­կու ղո­չի­ներ հե­տե­ւե­ցին ի­րենց ա­ռաջ­նոր­դի օ­րի­նա­կին: Ա­րա­մը ինքն էլ վի­րա­ւո­րո­ւեց, սա­կայն կա­րո­ղա­ցաւ խու­սա­փել հե­տապն­դու­մից` ա­պա­ցու­ցե­լով, որ որ­քան քաջ, նոյն­քան էլ հնա­րա­միտ է»։

Ա­հա՛ ամ­փոփ ու խիտ նկա­րագ­րա­կա­նը 19 ­Յու­նիս 1920-ի ա­հա­բեկ­չա­կան հա­տու գոր­ծո­ղու­թեան, որ ա­ռա­ջին ազ­դան­շան­նե­րէն մէ­կը պի­տի դառ­նար 1915ի ­Հա­յաս­պա­նա­կան մեծ Ո­ճի­րով սկսած ­Հայ­կա­կան Ար­հա­ւիր­քի թուրք եւ թա­թար պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ար­դա­րա­հա­տոյց Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան։

Ա­ւե­լի քան ի­նը տաս­նա­մեակ ան­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հա­մար պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ բախ­տո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րու այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն աս­դին։ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քին, ՄԱՅԻՍ 28-ի հրա­շա­փառ ­յա­րու­թեան եւ ­Լե­նի­նի ու ­Քե­մա­լի ձե­ռամբ Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի կոր­ծան­ման զու­գա­հեռ, հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­մու­թեան է­ջե­րուն ար­ձա­նագ­րեց ­Հայ­կա­կան ­Նե­մե­սի­սի մէջք շտկող եւ ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւն կո­փող է­ջը, ո­րուն ա­ռա­ջին ազ­դան­շա­նը ե­ղաւ 19 ­Յու­նիս 1920-ին ­Պա­քո­ւի հա­յաս­պան ­Խան-­­Խոյս­կիի ա­հա­բե­կու­մը՝ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի ձե­ռամբ։՚՚

 Նազարէթ Պէրպէրեան 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.