Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակելու նպատակաուղղուած RootsForRefugees նուիրահաւաքը ընթացք կ՚առնէ


Armenian Redwood Project-ը (ARP) կազմակերպութիւնը, որ կը նպակադրէ բարելաւել Սուրիոյ մէջ քանդիչ պատերազմէն տուժած սուրիացի հազարաւոր գաղթականներուն կեանքերը, կը յայտարարէ Indiegogo.com-ի վրայ #RootsForRefugees նուիրահաւաքի ձեռնարկումը։

«Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը մօտենայ իր 5-րդ տարուան», կ՚ըսէ ARP-ի գլխաւոր պատասխանատու Ռաֆֆի Արտհալճեան՝ աւելցնելով.«Տարբեր գործակալութեանց համաձայն, այս պատերազմը կը նկատուի մեր ժամանակաշրջանի յոռեգոյն մարդասիրական ճգնաժամը, որուն պատճառով միլիոնաւոր քաղաքացիներ անտուն ու խոցելի դարձած են։ Նկատի ունենալով, որ 15 հազար սուրիացիներ, մեծ մասամբ հայկական ծագումով, Հայաստան ապաստանած են՝ գործի լծուելու պահը հիմա է, ատիկա համաշխարհային մակարդակի հրամայական մըն է»։

#RootsForRefugees արշաւին նպատակն է Փետրուար 2015-ին սկիզբ առած եւ Oxfam Armenia-ի նուիրահաւաքով գոյացած 220 հազար տոլարին վրայ յաւելեալ 30 հազար տոլարի յաւելումով գումարը հասցնել 250,000 ամերիկեան տոլարի: Գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու բնակարանային վարձքերու վճարումներուն օժանդակելու համար: Սոյն ծրագրին կը մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու «Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը (Syrian Armenian Relief Fund-SARF):

Վերոնշեալ ծրագիրը 2015 թուականին Հայաստանի հաստատուած աւելի քան 800 սուրիահայերու նպաստաւոր վարձքով տուներ պիտի ապահովէ։ 

Ձեր իւրաքանչիւր ամիսը 200 ամերիկեան տոլար՝ այսինքն իւրաքանչիւր օր 6 ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւնը ուղղակի կերպով կը ծառայէ Oxfam Armenia-ի ճամբով այդ գաղթական ընտանիքներուն բնակարաններու տրամադրման։ Իւրաքանչիւր տոլարը կարեւոր է։ Ձեր նուիրատուութիւնը հիմա կատարեցէք։ #RootsForRefugees հաւաքական ֆինանսաւորման արշաւը միախմբուելու առիթ մըն է։ Միայն միասնաբար կրնանք մեծագոյն նպաստը բերել։ Նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ 4 Յուլիս 2015։
Նուիրահաւաքի պաշտօնական կայքն է՝ 

#RootsForRefugees Campaign Link:

http://igg.me/at/rootsforrefugees

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.