«Հայոց ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» վաւերագրական ֆիլմ
Հայաստանի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ վերջերս նկարահանած «Հայոց ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, ֆիլմերու և գիրքերու հեղինակ Անահիտ Աստոյեանը, իսկ բենադրիչը` Արա Շիրինեանը:
վաւերագրերու վրայ հիմնուած «Քեմալական կոտորածներ» ֆիլմը կը հերքէ թրքական պատմագրութեան այն թեզը, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առնչութիւն չէ ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Շարունակելով երիտթուրքերու ծրագիրը՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կառավարութիւնը արևմտահայերուն բնաջնջած և տեղահանած է իրենց դարաւոր հայրենիքէն: Ժամանակակից Թուրքիան կառուցուած է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին բռնի իւրացուած նիւթական արժէքներուն հիման վրայ:
Ֆիլմը դիտել հոս՝
https://www.youtube.com/watch?v=E4stVjTAs_0