Հայաստանի քաղաքացի մը դաշունահար սպաննուած է Փարիզի մէջ


Փարիզեան հայաշատ արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ, Ուրբաթ, Յունիս 12-ի երեկոյեան ծագած բանավէճի մը որպէս հետեւանք ծանրօրէն դաշունահարուած է Հայաստանի քաղաքացի, ծագումով՝ եզիտի Սուրէն Սաֆոյեան (38 տարեկան), որ հայր էր հինգ զաւակներու։ Ան յաջորդ օրը մահացած է հիւանդանոցը ուր փոխադրուած էր։ Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետաքննութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.