17 Յունիսին, 1971ին Պարոյր Սեւակը հեռացուցին մեր կեանքէն. Սեւակով կը լուսաւորենք մեր ուղին
Յունիս 17ին հայ մարդը կ’ողբայ անժամանակ կորուստը անզուգական Պարոյր Սեւակի։
44 տարի առաջ, Յունիսի այս օրը, ինքնաշարժի ճամբու արկածի մը զոհ գնաց հայ ժողովուրդի հանճարեղ բանաստեղծներուն վերջին ներկայացուցիչը։
Դժուար էր հաւատալ եւ օրին միայն ծառայամիտները ուզեցին հաւատալ ու հաւատացնել, թէ 17 Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ սոսկ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան դարաշրջանն էր եւ որքան ալ հայ մարդիկ թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ ընկալեցին, թէ եղածը սոսկ ճամբու արկած մըն էր, այդուհանդերձ՝ Խորհրդային Միութեան երկաթէ վարագոյրին այս կամ այն կողմը պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահը արկածի հետեւանք նկատելու մեկնաբանութեան մասին։
Բայց կարելի է՞ր ընդունիլ, որ Սեւակ զոհ գնաց ճամբու արկածի…
Ո՛չ. ո՛չ եւ միշտ ո՛չ։
Պարզապէս Սեւակը բրտօրէն պոկեցին, խլեցին եւ հեռացուցին հայ ժողովուրդէն եւ Հայաստանէն։
Այո՛, Հայաստանն ու հայութիւնը այդպէ՛ս յանկարծակի, չարաբաստիկ օր մը, առյաւէտ կորսնցուցին իրենց բազմադարեան ձայներուն, գոյներուն եւ խոհերուն՝ Հայ Հոգիի եւ Հայկեան Հանճարի ամէնէն վաւերական էատարրերուն կենսուրախ մարմնաւորումը, որ դեռ յիսուն տարեկան չէր եղած եւ այնքա՜ն ճառագայթող հասունացման տարերքին մէջ կը գտնուէր։
Վաղաժամ լռութեան դատապարտուեցաւ հայ գրականութեան մեծագոյն ձայնաւորներուն վերջին անմահը, որ իր կենդանութեան արդէն նուաճած էր Հայաստանի ու հայութեան «անլռելի զանգակատուն»ը շնչաւորելու յաւերժական բարձունքը։
Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը, 70ամեայ խորհրդային լուծի «դարաշրջան»ը, որ բիրտ ուժով հայութեան պարտադրեց «սովետական մարդ»ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»ի ծանր բեռ մը։
Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։
Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական-մշակութային հարուստ պաշարը։
Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։
1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հասարակական գործիչ-հրապարակախօս։
Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ-Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմէ հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Ահա այս աստիճան բեղուն գրիչը կոտրելով՝ 17 Յունիսին փորձեցին բրտօրէն կտրել ստեղծագործական բազկերակը հայ ժողովուրդին։
Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարին կարելի չէ լռեցնել։
Այսօր արդէն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ պնդողներու, թէ պատահական արկածի զոհ գնաց մեծ բանաստեղծը։
Չարիքի Կայսրութիւնը՝ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը տխրահռչակ էր իր գործած ոճիրներուն հետքերը ծածկելու, խեղաթիւրելու կամ նենգափոխելու «հնարամտութեամբ»։ Նաեւ բոլոր կարգի կայսրութիւններուն յատուկ է պետական ահաբեկչութիւնը կատարելագործելու միեւնոյն հոգեբարոյական խաթարուածութիւնը։
Սեւակը «սպաննեցին», որովհետեւ «վտանգ» կը ներկայացնէր «ամբողջատիրութեան» համար…
Որովհետեւ՝
Իր գրական ստեղծագործութիւններով ու համարձակախօս հրապարակագրութեամբ, Սեւակ մարմնաւորեց քսաներորդ դարու Իրաւատէ՛ր Քաղաքացիի հայ ազգային կերպարը։ Մարդկային Սիրոյ, Ճշմարտութեան Լոյսի եւ Լիիրաւ Արդարութեան իմաստախոյզ վերծանողը եղաւ։ Ամէն բանէ աւելի Կեղծիքի դէմ պայքարեցաւ, սեփական թերիներուն եւ փորձութիւններուն անկեղծ խոստովանութեամբ ապրեցաւ, որպէսզի Վկան դառնար Մարդ Էակի մնայուն ճիգին՝ բարձրանալու ազնուացման ու վեհացման դժուարին բարձունքն ի վեր։
Այդ ներշնչումով ստեղծագործեց եւ քսաներորդ դարու միջազգային գրականութեան ամէնէն վաւերական արժէքներէն դարձաւ Սեւակ՝ նաեւ օտար ընթերցողի ներաշխարհին վրայ լոյս սփռելով, այսպէս կոչուած «Խորհրդային Մարդու» մէջ «իրաւ»ն ու «կեղծ»ը ճշմարտութեան լոյսին տակ բերելով եւ պատգամելով.-
Դու, որ սխալուել, սակայն չես ստել,
Կորցրել ես յաճախ, բայց նորից գտել.
Դու, որ սայթաքել ու վայր ես ընկել,
Ընկել ես, սակայն երբեք չես ծնկել,
Այլ մագլցել ես կատարից-կատար,
Ելել ես անվերջ, բարձրացել ես վեր՝
Քո ահեղ դարից առնելով թեւեր…
Ելել ես, որ ողջ աշխարհը տեսնես,
Որ անօրինակ քո դարը տեսնես,
Բոլոր կերպերով դու նրան զգաս,
Շահածով խնդաս, կորուստը սգաս…
Ելել ես իբրեւ նրա մունետիկ,
Որ նրա հեռուն զգաս քեզ մօտիկ,
Որ ճշմարտութեան ափերը տեսնես
Ծպտուած ստի խաբելը տեսնես,
Որ չվախենաս, որ չվարանես՝
Անարդարութեան դէմքը խարանես…
Ահա, թէ ինչու դու այսքան տարի,
Դու, որ հարազատ ծնունդն ես դարի,
Քայլում ես անդուլ, առաջ ընթանում,
Քայլում ես այդպէս ծանր ու վիթխարի,
Ասես աշխարհն ես շալակած տանում…
Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում,
Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի…
Աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր Սեւակ բացակայ է հայ կեանքէն եւ մենք զրկուած ենք՝ նաեւ ու մանաւա՛նդ իր աչքով եւ յուզաշխարհով մեր պատմութեան բախտորոշ վերիվայրումները ընկալելու բարիքէն։
Զրկուած ենք ինքնաքննարկման եւ աշխարհընկալման այն իմաստախոյզ եւ խռովահար վերծանողէն, որուն վաւերական լուսարձակով պիտի կարենայինք ազգային ու հայրենական վերականգնումի մեր դժուարին երթը ապահովագրել ամէն կարգի թուլութեանց եւ շեղումներու, սայթաքումներու եւ մոլորութեանց դէմ։
Ճակատագիրը նման դառն ու դաժան խաղով մեզմէ հեռացուց Սեւակը այնպիսի՛ ժամանակ մը, երբ ազգովին սկսած էինք սպիացնել Հայոց Ցեղասպանութեան բացած վէրքերը, վերականգնիլ Արհաւիրքէն ու թեւակոխել հազարամեակներու մեր պատմութեան կարեւորագոյն փուլերէն՝ Հայոց Հայրենիքի վերանկախացման եւ հողային մեր անժամանցելի իրաւունքներու աստիճանական վերատիրացման դարաշրջանը։
Այդուհանդերձ՝ իր պարտադիր բացակայութեան տարիներուն եւս, հայ ժողովուրդի ուղին շարունակեց լուսաւորել Սեւակեան անսպառ հաւատքը՝ Հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ, ազգային վերականգնումի Հայու անկոտրում կամքին եւ վարար ներուժին հանդէպ, մեր սերունդներուն կտակելով ինքնաճանաչումի եւ ինքնավստահութեան անկորնչելի կտակը.-
Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում։
Մենք մեզ ո՛չ ոքից չենք գերադասում։
Պարզապէս մենք էլ պի՛տի ընդունենք‚
Որ մե՛նք‚ միայն մե˜նք Արարատ ունենք‚
Եւ որ այստեղ է՝ բարձրիկ Սեւանում‚
Երկինքը իր ճիշտ պատճէնը հանում։
Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել։
Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել։
Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚
Քարից շինել ձուկ‚ եւ թռչուն՝ կաւից‚
Ուսուցմա՛ն համար եւ աշակերտե՜լ
Գեղեցկի՛ն‚
Բարո՛ւն‚
Վսեմի՛ն‚
Լաւի՛ն…
Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում։
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում
Պարզապէս մեր բախտն ուրիշ է եղել‚-
Պարզապէս շատ ենք մենք արիւն հեղել.
Պարզապէս մենք մեր դարաւոր կեանքում‚
Երբ եղել ենք շատ
Ու եղել կանգուն‚
Դարձեա՛լ չենք ճնշել մէկ ուրիշ ազգի‚
Ո՛չ ոք չի տուժել զարկից մեր բազկի։
Եթէ գերել ենք՝
Լոկ մեր գրքերով.
Եթէ տիրել ենք՝
Լոկ մեր ձիրքերով…
Պարզապէս մահն է մեզ սիրահարուել‚
Իսկ մենք ինքնակամ նրան չենք տրուել։
Ու երբ ճարահատ մեր հողն ենք թողել՝
Ո՜ւր էլ որ հասել‚ որտեղ էլ եղել‚
Ջանացել ենք մենք ամէնքի՛ համար.
Շինել ենք կամուրջ‚
Կապել ենք կամար‚
Ամէ՜ն տեղ հերկել‚
Հասցրել բերքեր‚
Ամէնքի՜ ն տուել մի՛տք‚ առա՛ծ‚ երգե՛ր՝
Պաշտպանել նրանց հոգեւոր ցրտից‚-
Ամէ՜ն տեղ թողել մեր աչքից՝ ցոլանք‚
Մեր հոգուց՝ մասունք‚
Եւ նշխար՝ սրտից…
Մենք քիչ ենք‚ այո՛‚ բայց կոչւում ենք հայ –
Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ‚
Բայց նոր խնդութեամբ ցնծալ ու հրճուել.
Գիտենք թշնամու կողը մխրճուել
Ու բարեկամին դառնալ աջակից.
Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից՝
Մէկի փոխարէն տասն հատուցելով…
Յօգուտ արդարի եւ արեգակի
Գիտենք քուէարկել մեր կեանքով նաեւ…
Բայց թէ կամենան մեզ բռնի վառել՝
Մենք գիտենք մխա՛լ – եւ կրա՜կ մարել.
Իսկ եթէ պէտք է խաւարը ցրել՝
Գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն.
Եւ գիտենք նաեւ մեզ կրքոտ սիրել‚
Բայց ուրիշներին մի˜շտ էլ յարգելով…
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում‚
Բայց մեզ էլ գիտենք –
Մեզ հա՜յ են ասում։
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք։ Պիտի լինե՛նք։ Ու դեռ – շատանա՜նք։
Նազարէթ Պէրպէրեան