Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Ասորիներու Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Արարողութեան


Շաբաթ, 13 եւ կիրակի, 14 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ` գլխաւորութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան ասորի եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու: Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն հոգեպարար երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` Սուրբ Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնները, յանուն երկու աթոռներու վեհափառ հայրապետներուն` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն:

Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող Գեղամ արք. Խաչերեան յընթացս հանդիսութեան արաբերէնով կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ողջոյնի խօսքը, ուղղուած` ասորի եկեղեցւոյ պետ` Իգնատիոս Եփրեմ Բ. պատրիարքին եւ հոգեւոր սինոտին: Իր գրած ողջոյնի խօսքին մէջ վեհափառ Հայրապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց Հայոց եւ Ասորիներու ցեղասպանութիւններուն` իբրեւ ճակատագրակից ժողովուրդներ: Նոյն առիթով, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց ասորի ուղղափառ եկեղեցին` համագործակցութեան նոր հորիզոններու հեռանկարով:

Յաւարտ սրբազան արարողութեան, ասորի եկեղեցւոյ պետը ճաշկերոյթով պատուեց ներկայ հիւրերը, որոնց միջոցով իր երախտագիտութիւնն ու եղբայրական ողջոյնները յղեց հանդիսութեան մասնակից բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.