Սասունի Մէջ 1500-ամեայ Եկեղեցին Կ’օգտագործուի Իբրեւ Ախոռ


Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հայկական սբ. Պետրոս առաքեալի վանքը, որ կը սպասէ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ վերանորոգուելուն, գիւղացիներուն կողմէ կ’օգտագործուի իբրեւ ախոռ, կը յայտնէ ermenihaber-ը:

Թրքական «Milliyet» թերթը կը գրէ, որ վանքը գանձ որոնողներու ոտնձգութիւններու հետեւանքով հասած է կիսաքանդ վիճակի եւ կը գտնուի ամբողջական աւերման վտանգի տակ:

Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Սթամպուլի հայերու միութեան օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղջըն տեղեկացուցած է, որ վանք տանող ճանապարհը փակ ըլլալուն պատճառով իրենք չեն կրնար որեւէ միջամտութիւն ընել: Վերջինս նշած է, որ իրենք կը ցանկան հասնիլ անոր,
որ եկեղեցին վերանորոգուի եւ բաց ըլլայ հոգեւոր զբօսաշրջութեան համար: Տաղջըն, տեղեկացնելով, որ վանք տանող ճանապարհը բանալու համար բազմիցս դիմած են պատկան մարմիններուն, եւս մէկ անգամ պահանջած է ճանապարհի 1500 մեթրանոց հատուածի բացումը:

1 վերգետնեայ եւ եւս 2 ստորգետնեայ յարկեր ունեցող վանքի վերանորագման համար, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն ուղարկուած դիմումներէն մէկուն արդիւնքով ժամանակին եկած, ուսումնասիրութիւններ  կատարուած են, սակայն այդպէս ալ որեւէ աշխատանք չէ տարուած:

Ազիզ Տաղջըն նշած է նաեւ, որ հոգեւոր կառոյցի մէջ կենդանիներ պահելը կը նշանակէ վիրաւորանք հասցնել այդ կրօնին ու հետեւորդներուն:

Yerakouyn


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.