ՀՅ Դաշնակցութիւնը Դարձաւ Եւրոպական Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Անդամ


ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Պուտափեշթի մէջ գումարուող Եւրոպական ընկերվարականներու  կուսակցութեան (PES) 10-րդ համագումարը հաստատեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամակցութիւնը այդ կազմակերպութեան` իբրեւ դիտորդ անդամ (Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ եւ կամ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ոչ թեկնածու երկիրներու կուսակցութիւնները այլ կարգավիճակ չեն կրնար ունենալ):

Ընդառաջելով Եւրոպական ընկերվարականներու  կուսակցութեան  նախագահութեան առաջարկին` համագումարը նաեւ հաստատեց անդամակցութիւնը Վրաստանէն («Վրացական երազ»), Եգիպտոսէն, Մարոքէն եւ Իտալիայէն կուսակցութիւններու:

Համագումարին կողմէ Եւրոպական ընկերվարականներու  կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարիայէն Սերկէյ Սթանիշեւ. միւս թեկնածուն էր Սպանիայէն Էնրիքէ Պարոնը:

«Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կու տայ ՀՅԴ-ին` եւրոպական քաղաքական այդ ընտանիքի անդամներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատելու տեսանկիւնէն», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.