Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Եւրոպական Խաղերուն Բացման Արարողութեան. Եռագոյնը Ծածանեցաւ Պաքուի Մէջ
Երէկ` ուրբաթ, 12 յունիսին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական առաջին խաղերուն բացման արարողութիւնը:
Տողանցքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը եւ Եռագոյնը ծածանեցաւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ:
Ազրպէյճանի մայրաքաղաք` Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եւրոպական առաջին մարզական խաղերուն բացման արարողութիւնը:
Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս պիտի գան 7 մարզաձեւ ներկայացնող 24 մարզիկներ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը բացման արարողութեան մասնակցեցաւ առանց մարզիկներուն:
Շքերթին մասնակցեցան պատուիրակութեան նախագահ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան, աշխարհի ախոյեան Վաղինակ Գալստեան, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի մարզիչներ Սամուէլ Գէորգեան եւ Էդիկ Սահակեան եւ Հայաստանի պատուիրակութեան մամլոյ պատասխանատու Կարէն Գիլոյեան:
Մրցումները կը սկսին այսօր: