Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէաբաշխումը
Քարտէսը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ վերջին ընտրութիւններու ընթացքին քուէաբաշխումը։
Դեղինով նշուած տարածքներուն մէջ յաղթանակ արձանագրած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ստացած է քուէներուն 40,81 առ հարիւրը, 258 երեսփոխան) – AKP
Կարմիրով նշուած նահանգները՝ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` (25,01 առ հարիւրը, 132 երեսփոխան) – CHP
Մուգ կարմիր՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` (16,33 առ հարիւրը, 81 երեսփոխան) – MHP
Մանիշակագոյն նահանգները՝ քրտամէտ եւ ձախակողմեան «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն»ը` (13,06 առ հարիւրը, 79 երեսփոխան) – HDP
Քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած է հետեւեալ նահանգներուն մէջ.
Արտահան, Կարս, Իգտիր, Աղրի, Թունչելի (Տերսիմ), Վան, Հաքքարի, Սըրնաք, Սղերդ, Պիթլիս, Մուշ, Պաթման (Սասուն), Մարտին, Տիարպեքիր