Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովը


ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ 8-9 յունիս 2015-ին Երեւանի մէջ  տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի ժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը խնդիրներ, ներառեալ` շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տագնապներու լուծման հարցերը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին պիտի մասնակցին շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն եւ Խըրխըզիստանէն:

Օրակարգ`

1) Շրջանի երկիրներէն հակիրճ զեկուցումներ.

2) Շրջանի տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանք.

3) Շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ապահովում եւ ամրապնդում.

4) ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու երկիրներուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական առաջնահերթութիւններ:

Առաջին նիստը կը սկսի երկուշաբթի, 8 յունիսին, ժամը 10:00-ին, «Էրեբունի» պիզնըս կեդրոնին մէջ (9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ): Ժողովը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ երեքշաբթի, 9 յունիսին:

Յանձնախումբի համանախագահներն են ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հունգարիայէն Ալեքսանտրա Տոպոլիին:

Ժողովի աշխատանքներուն աւարտէն ետք, 9 յունիսին, «Էրեբունի» պիզնըս կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար յանձնախումբի ժողովի եզրակացութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.