Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին
Շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Փորթուգալ Եւրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումը:
Այդ մրցումին նախապատրաստուելու համար, երէկ` ուրբաթ, 5 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան նախապատրաստական այդ հաւաքին արդէն իսկ հրաւիրած էր 23 ֆութպոլիստ:
Հրաւիրուած բոլոր ֆութպոլիստներն ալ արդէն կը գտնուին Հայաստան, բացի` Արթուր Միրանեանէն, Մարքոս Փիցելիէն եւ Ռուսլան Քորեանէն, որոնք Երեւան պիտի հասնին վաղը` կիրակի, 7 յունիսին:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքական հրաւիրուած Արտեոմ Սիմոնեան երէկուընէ սկսաւ մարզուիլ ազգային հաւաքականին հետ: Ան 8 յունիսին կը միանայ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին: