ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հանդիպումը Քեպէգի նախարար Ժան Մարք Ֆուռնիէի հետ


Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Քեպէգ նահանգի միջռկառավարական հարցերու նախարար Ժան Մարք Ֆուռնիէի հետ։ Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Հայաստանի եւ Քեպէգ նաահանգի առեւտրական կապերն ու փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցը։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մոնթրէալ-Երեւան եւ Լաւալ-Գիւմրի քոյր քաղաքներու կապերը աւելի ամրապնդելու առնչութեամբ։ Հանդիպման ներկայ էր Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարանդ Եափուճեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.