«Կ՛ուզեմ Հայերուն Մասին Լաւ Համբաւ Ստեղծել Իրանի Մէջ» Կ՛ըսէ Անդրանիկ Թէյմուրեան


6-02-15_teymourianԻրանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան յայտարարեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է կրել այդ երկրի հաւաքականին շապիկը:

Անգլիական Պոլթընի նախկին ֆութպոլիստը, որ ծնած է Թեհրանի մէջ, դարձաւ Իրանի հաւաքականին առաջին քրիստոնեայ խմբապետը:

«Ես ուրախ եմ, որ ըլլալով քրիստոնեայ, կը խաղամ իսլամական երկրի հաւաքականին մէջ: Ես ունիմ հայկական արմատներ, բայց իրանեան անձնագիր: Ես ատով հպարտ եմ եւ յոյսով եմ, որ Իրանի մէջ հայերու մասին լաւ համբաւ կը ստեղծեմ», Թէյմուրեանի խօսքերը կը մէջբերէ «Տը Կարտիըն»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.