Լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ա. Հատորը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մայիս ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ  Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան»  Ա. Հատորը:

Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» տասը հատորներու վրայ սփռուած երկը, սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են մեր ժողովուրդի հարիւր տարիներու միտքը, խռովքը, տագնապը, կիրքը, ստեղծագործ ոգին, ապրուած եւ ազգային կաղապար ստացած քանի մը տասնեակ անուն հաշուող մեր գրագէտներուն կողմէ: Օշական, պաշտպանը այդ ժառանգին, ինքն իր կարգին, իր հոգիի բազմաթել յոյզերով կը հիւսէ փառքը իր ժողովուրդին, հայ հոգիին: «Իմ փառասիրութիւնը գիւտն է իմ ժողովուրդին, հայ հոգիին», կը գրէ ան իր այս ընդարձակ երկի առաջին տողերուն մէջ: 

Համապատկերը 52 յաջորդական վիպակներու շարան մըն է, որոնց մէջ անխտիր գլխաւոր հերոսը հայ ժողովուրդն է:

 Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի այս 80-րդ հատորը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան՝ Վարուժան Արք. Եպս. Հերկելեանի խմբագրական ժրաջան աշխատանքին արգասիքն է: 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.