Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանը Աւարտեցաւ
Շաբաթ, 30 մայիսին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի վերջին` 28-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Այսպիսով, վերջին հանգրուանի արդիւնքներուն հիմամբ, չորրորդ դիրքը գրաւեց Ալաշկերտ Երեւան, որ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին:
Ուլիս – Շիրակ մրցումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ ախոյեանութեան մրցանակակիրներուն պարգեւատրումին հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Մանուկեան «ոսկիէ կօշիկ»-ի մրցանակը յանձնեց լաւագոյն ռմբաձիգներուն` Փիւնիկի յառաջապահ Սեզար Ռոմերոյին եւ Շիրակի յառաջապահ Ժան-Ժաք Պուկուհիին:
Ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ոսկիէ մետալները ստացան Փիւնիկի ֆութպոլիստները, արծաթէ մետալները` Ուլիս Երեւանի ֆութպոլիստները, իսկ պրոնզէ մետալները` Շիրակ Գիւմրիի ֆութպոլիստները: