Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութիւնը կը զօրակցի հայութեան դատին


Aztagarabic-ը կայքէջը 26- Մայիսին կը հաղորդէ՝ Իրաքի խորհրդարանի՝ Քիւրտիսատնի Հայրենասիրական Միութեան կուսակցութեան խնբակցութեան ղեկավար Ալաա Ալ Թալապանին նամակ ուղղարկած է Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանին, ուր կը հաստատէ Քիւրտիստանի ժողովուրդի դիրքորոշումը ցեղասպանութեան հանդէպ եւ իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին:

Մենք` Քիւրտիստանի ժողովուրդը, որ եւս  ենթարկուած է ցեղասպանութեան միջազգայինօրէն արգիլուած զէնքերով Անֆալի եւ Հալապչայի մէջ կը հասկնանք հայ ժողովուրդի տառապանքը եւ կրած ահաւոր վնասը:

Մենք կանքնած ենք Ձեր կողքին ճանաչման, ներողութեան եւ հատուցման հարցերով քանի որ ան կը հանդիսանայ դաս եւ արգելք նման դէպքեր չկրկնուելու համար:

Քիւրտիստանի ժողովուրդը իր ամենաջերմ զգացումներով կը յարգէ Ձեր ժողովուրդը եւ մեծապէս կ՛արժէւորէ Իրաքահայութեան դերը Իրաքի մէջ բազում տարիներու ընթացքին:

Մենք՝ «Կը Յիշենք եւ կը Պահանջենք » նշանաբանով կանգնած ենք ձեր կողքին ցեղասպանութեան հարցը մոռացութեան չտրուելու համար. բռնութիւնը մէկ դար յետոյ եւս չկրցաւ յիշողութիւնը չնչել, քանի որ իրաւունքը չի կորսուիր երբ անոր յետին կանքնած է իր պահանջատէրը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.