«Արմէն» Ճամբարի Պաշտպանութեան Զօրակցելու Կոչ «Նոր Զարթօնք»էն


0521Camp-Armen

ՊՈԼԻՍ.- Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») հարցը օրերէ ի վեր կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ մամուլի օրակարգին վրայ։ Հողամասի այսօրուան սեփականատէրը ներկայիս կեցուցած է քանդումի գործողութիւնը, բայց ատոր համար ալ ժամկէտ մը տուած է։ Պիտի սպասէ մէկ ամիս, կամ մէկուկէս ամիս։ Եթէ մինչեւ այդ թուականը լուծում մը չէ գտնուած, ան պիտի վերսկսի քանդելու աշխատանքին։
«Կարելի՞ է յուսալ, որ մէկ կամ մէկուկէս ամսուան մէջ լուծում մը կը գտնուի։ Այսինքն կալուածը պաշտօնապէս կը վերադարձուի Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Որքան ալ լաւատես ըլլանք, չենք կրնար հաւատալ, որ մէկ ամսուան մէջ լուծում մը պիտի գտնուի։ Ճամբարը իրականութեան մէջ այնքան ալ մեծ տարբերութիւն մը չունի 1936ի օրէնքներու լոյսին տակ հայ համայնքէն բռնագրաւուած արժէքաւոր, անհամեմատ կերպով աւելի արժէքաւոր կալուածներէն։ Սակայն, անիկա ունի մասնայատկութիւն մը, որ կը զօրացնէ անոր դիրքը։ Հրանդ Տինքին անունն է այդ։ Այն իրողութիւնը, որ Հրանդ Տինքն ալ եղած է այս ճամբարի բնակիչը, տարբեր շեշտ մը կը դնէ ճամբարը պաշտպանելու աշխատանքին վրայ, կը պատմէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
«Նոր Զարթօնք»ի հայ երիտասարդները գլխաւոր դերը կատարեցին «Արմէն» ճամբարին տէր կանգնելու առաքելութեան մէջ։ «Մարմարա» կը յայտնէ, թէ «անոնք առաջին օրէն ի վեր վազած ու Թուզլա գացած են ու պահակ կը կանգնին։ Մամուլը կը խօսի անոնց մասին, հարցազրոյցներ կ՛ընէ անոնց հետ։ «Տեմոքրաթհապեր», որ հայկական հարցերու վրայ հակող լրատուական կայք մըն է, հրատարակեց «Նոր Զարթօնք» խմբակի անդամներէն Առնօ Գալայճըի հետ կատարուած երկար հարցազրոյց մը, որուն մէջ Գալայճը կը պատմէ, թէ ինչպիսի պարագաներու տակ է, որ այս կալուածը գրաւուեցաւ անիրաւ կերպով։ Գալայճը նաեւ դիտել կու տայ, որ այս ճամբարը եղած է կեդրոն մը, ուր հասած են 1500 մանուկներ. նաեւ եղած է յիշողութեան վայր մը։ «1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած մարդոց զաւակներն են, որոնք մնացած են այստեղ»։
«Ասիկա միայն քանի մը աղիւսի խնդիր չէ, ասիկա այս հողերուն վրայ մնալու ու ապրելու կամքի մը արտայայտութիւնն է։ Մենք հոս պահակ կանգնելը պիտի շարունակենք։ Թերեւս 1915ի հետ առերեսուիլը հոսկէ կրնայ սկսիլ։ Մենք հիմա հոս բռնագրաւիչ դարձանք, մեր իսկ կալուածին բռնագրաւիչը, բայց ասիկա այն վայրն է, ուր մեր պապերը մեծցան, ապրեցան։ Նոյնիսկ եթէ քանդեն, մենք այս հողամասը ետ առնել պիտի աշխատինք, ատոր համար է, որ եկած ենք հոս։ «Քեմփ Արմէն»ը այնքան արժէքաւոր է, որ կարելի չէ զայն ընտրարշաւի ի նպաստ գործածել։ Պէտք ունինք ժողովուրդի զօրակցութեան։ Ո՞ւր են Յունուար 19ի քայլարշաւին մասնակցողները. հիմա դարձեալ անոնց զօրակցութեան պէտք ունինք», ըսած է Առնօ Գալայճը», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։
Նշենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր Յունուար 19, 2007ին եւ անոր սպանութիւնը ժողովորդային հսկայ ցոյցերու ու հաւաքներու առաջնորդեց։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.