Շուշիի եւ Վանայ իշխանը – Մահուան 100-ամեակ


Բուն անունով Նիկոլ Պօղոսեան։ Ծնած է Շուշի, 1883-ին եւ ուսումը ստացած տեղական թեմական դպրոցին մէջ, ուրկէ վտարուելով իր ըմբոստ նկարագրին համար, անցած է Երեւանի թեմական վարժարանը։

 Դպրոցական շրջանին իսկ, այսինքն՝ պատանեկան տարիներուն կը վարակուի Դաշնակցութեան գաղափարական շունչով։ Կը թրծուի եւ կը կազմաւորուի Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ։ 1903-ին՝ Նեւրուզի խումբին հետ կը փորձէ անցնիլ երկիր։ Կը մասնակցի Ուզունվերայի եւ Բասենի կռիւներուն եւ այն քիչ վերապրողներէն կþըլլայ, որոնք կը յաջողին վերադառնալ, ինչ որ հոգեկան ծանր կացութիւն կը ստեղծէ իրեն համար։

 1904-ին՝ Կոմսի հետ Ապաղայի գիծով կը մտնէ Վան։ Իրեն կը յանձնուի Վանի հարաւ-արեւմուտքը տարածուող լեռնաշխարհը, այսպէս կոչուած՝ Լեռնապարը, որ կþերկարի մինչեւ Սղերդ ու Բաղէշ եւ որուն մէջ կþիյնան Մոկս, Խիզան եւ Ոզմ գաւառները։ Այս շրջաններուն մէջ Իշխան կը ստեղծէ կազմակերպական կուռ մեքենայ մը, որ ամուր կը մնայ մինչեւ իսկ 1908-ի Դաւոյի դաւաճանութեան օրերուն եւ ընդհանուր տեղատուութենէն չþազդուիր։ Կը ստեղծէ նշանաւոր Թռուցիկ խումբը, որ յոյսն ու ապաւէնը կը դառնայ հայ գիւղացիին եւ սարսափը՝ թուրք եւ քիւրտ հարստահարիչներուն։

 Սահմանադրութենէն ետք կը նուիրուի Վանի եւ շրջապատի ազգային, կրթական, ընկերային ու մշակութային կեանքի աշխուժացումին։

 1914-ին՝ թրքական զօրաշարժի օրերուն, վերստին ձեռք կþառնէ մարտական-կազմակերպչական աշխատանքը, սակայն դաւադրաբար կը սպաննուի 3 Ապրիլ 1915-ին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.