Սուրիահայութեան Կեցութեան Հարցը Կարելի Է Լուծել Շուշիի Մէջ Բնակեցնելու Նախագիծ Մշակելով


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղութի անդամներէն Խաչիկ Ճոզիկեան Հայաստանի իշխանութիւններուն կ՛առաջարկէ 4 տարիէ ի վեր տեղի ունեցող սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն համար վերաբնակեցման նախագիծ մշակել Արցախի մէջ։ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խաչիկ Ճոզիկեան յայտնած է, որ այժմ կան Ղարաբաղ ապրող բազմաթիւ սուրիահայեր, որոնք կը սիրեն զայն եւ որոշած են հոն բնակիլ։ Ըստ անոր՝ սուրիահայերը բնակեցնելով քիչ բնակեցուած Շուշի քաղաքին մէջ կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ սուրիահայութեան կեցութեան հարցը լուծել, եւ թէ զարգացնել Շուշին՝ որպէս քաղաք:

«Տարբեր կազմակերպութիւններու օգնութեամբ, Արցախի մէջ մօտաւորապէս 60 հատ 3 սենեակնոց բնակարան տրամադրուեցաւ սուրիահայերուն, եւ անոնք այլեւս չեն ուզեր Երեւան վերադառնալ, որովհետեւ սիրեցին Ղարաբաղը: Հայաստանի իշխանութիւնները ընդամէնը 5000-10,000 տոլարով Շուշիի բնակարանները կրնայ վերականգնել, վերանորոգել եւ յանձնել սուրիահայերուն, վստահ եմ, որ անոնք պիտի սիրեն զայն եւ պիտի աշխատին ու զարգացնեն Արցախը», յայտնած է Ճոզիկեան։

Ան մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն մեծ մասը երբեք չէ այցելած Արցախ։ Ըստ անոր՝ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը գոնէ մէկ անգամ սուրիահայերը տանէր Ղարաբաղ եւ անոնց կարելիութիւն տար զայն տեսնելու, ծանօթանալու Արցախի կլիմայական պայմաններուն, բնութեան, կենցաղային կարելիութիւններուն։ Ճոզիկեան վստահ է, որ այս պարագային բազմաթիւ սուրիահայեր պիտի ուզեն Արցախ հաստատուիլ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.