Գերմանիոյ Ռայնլանտ Նահանգի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութեան Բաժին Վերցնելու Կոչ Կ՛ընէ


0514Rhineland
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Ֆալց նահանգի խորհրդարանական խմբակցութիւնները համատեղ բանաձեւի մը միջոցով յիշեցուցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ 100 տարի առաջ հայերու սպանդը, զայն յստակօրէն Ցեղասպանութիւն անուանելով:
Գերմանական «Die Welt» թերթը կը նշէ, որ խմբակցութիւններու խօսնակները իրենց խօսքին մէջ նշած են. «Մեր հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ նպաստել համերաշխութեան, փոխըմբռնման ու գիտակցումին»: Անոնք յորդորած են նահանգային կառավարութիւնը՝ ձեռնարկելու նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք 1915-1916 թուականներուն պատահած դէպքերուն մէջ գերմանական կողմը պատասխանատուութեան ստանձնման պիտի առաջնորդեն:
Թերթը կը նշէ, որ Թուրքիա, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ, կը հրաժարի սպանդները ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն եւ կը յիշեցնէ, որ երկիրի նախագահ Եոաքիմ Կաուք եւս 1.5 միլիոն հայերու կոտորածները Ցեղասպանութիւն անուանած էր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.