10 Քոնկրեսականի Ճամբորդական Ծախսերը Վճարուած Են Ատրպէյճանի Քարիւղի Ընկերութեան Կողմէ


 

Untitled

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը գաղտնաբար վճարած է ամերիկացի 10 քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմի 32 անդամներուն դէպի Պաքու ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը, հոն 2013ին կայացած Կասպից ծովու հարցերուն նուիրուած գիտաժողովին մասնակցելու համար:
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ օրէնսդիրները եւ անոնց անձնակազմի անդամները հարիւր հազարաւոր տոլար ստացած են ճամբորդական ծախսերուն համար, ինչպէս նաեւ՝ մետաքսեայ վզոնցներ, բիւրեղապակեայ սպասներ եւ ատրպէյճանական գորգեր՝ 2500-10,000 տոլար արժողութեամբ:
Հաշիւները ցոյց կու տան, որ քոնկրեսականներու ուղեւորութիւնը արժած է 112,899 տոլար:
Քոնկրեսի անկախ քննչական ճիւղը հանդիսացող Քոնկրեսական բարոյականութեան գրասենեակի 70 էջնոց զեկոյցին համաձայն՝ Ատրպէյճանի քարիւղի «Սոքար» պետական ընկերութիւնը Ամերիկայի մէջ գործող ոչ-շահութաբեր ընկերութիւններու միջոցով 750,000 տոլար յատկացուցած է նշեալ գիտաժողովին ծախսերը վճարող կողմին աղբիւրը ծածկելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.