«Սի.Այ.Էյ.»ի Նախկին Տնօրէնը Պիտի Ծառայէ Թուրքիոյ Ուրացման Արշաւին


0513goss
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ծառայելու համար նորագոյն մեղսակիցը վարձուած է։ Ան «Սի.Այ. Էյ.»ի նախկին տնօրէն Փորթըր Կասն է, որ ներկայիս կ՛աշխատակցի Թուրքիոյ հետ երկար տարիներու վրայ երկարող կապեր հաստատած Տիքսթայն Շափիրոյի իրաւաբանական հիմնարկին հետ։
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ Կաս պիտի տրամադրէ Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութեան առնչուող խորհուրդներ եւ «Քոնկրեսի անդամներուն պիտի ծանօթացնէ Թուրքիոյ համար կարեւոր հարցերուն եւ Թուրքիոյ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ իրեն առնչուող բանաձեւներուն մասին»։
Փորթըր Կաս «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնն էր 2004էն 2006 տարիներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.