Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցում Կատարելու


8-9 մայիս 2015-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական, քաղաքական կազմակերպութեան` Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովը ընդունեց բանաձեւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով»:

ՀՅԴ Երիտասարդականի կողմէ ներկայացուած բանաձեւի քննարկումը անցաւ աշխուժ մթնոլորտի մէջ: Բանաձեւի ընթերցումէն ետք, ձայնի իրաւունք խնդրեցին Իսրայէլի, Պուլկարիոյ, Չատի, Ուկանտայի եւ Գերմանիոյ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները: Հակառակ կազմակերպութեան ժողովարարական կանոններուն, ըստ որոնց, ամէն մէկ բանաձեւ ներկայացնելէ ետք միայն մէկ կողմ կամ դէմ ելոյթի իրաւունք կը տրուի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը ներկայացնելէ ետք հինգ հոգիի ելոյթի իրաւունք տրուեցաւ` ամէն անգամ առանձին քուէարկութեամբ հաստատելով ելոյթի իրաւունքը, որովհետեւ այդ մէկը կը հակասէ ժողովի կանոններուն:

Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչը խօսեցաւ հրեաներու  ու հայերու պատմական նոյն ճակատագիրը կիսելու փաստին մասին: Ան կարծիք յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներէն մէկը հայերու` ազգային պետականութիւն չունենալը եղած է: Հրեայ պատուիրակը իր կազմակերպութեան անունով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը տեղ պիտի գտնէ Քնեսեթի օրակարգին վրայ: Ըստ անոր, Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Պուլկարիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան երիտասարդական կառոյցի ներկայացուցիչը զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջին: Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութեան չի պատկանիր: Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններուն եւ յատկապէս Էրտողանի վարչակարգի ժխտողական քաղաքականութիւնը զայն դարձուցած է այժմէական խնդիր:

Հեռաւոր Չատէն Երեւան հասած պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խօսելով ժողովին ներկայ ափրիկեան պետութիւններու պատուիրակութիւններուն անունով, կոչ ուղղեց Թուրքիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց ՀՅԴ Երիտասարդականին` մաղթելով ուժ եւ կամք, արդարութեան համար մղուող պայքարին մէջ:

Թուրքիոյ կառավարութեան ճանաչման եւ հատուցման կոչ ուղղելով` Արեւմտեան Սահարայի ընկերվար երիտասարդը ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը զուգորդուած է հայերու հայրենազրկումով` իրենց պապենական հողերէն եւ դժբախտաբար նոյնը տեղի կ՛ունենայ այսօր` աշխարհի տարբեր ժողովուրդներուն նկատմամբ:

Ուկանտացի ներկայացուցիչը, որ նաեւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահն է, իր խօսքին մէջ  շեշտեց 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Արեւմուտքի լռութեան վրայ. կոչ ուղղեց միասնաբար պայքարելու, որ մարդկութեան հանդէպ նման յանցագործութիւններ այլեւս տեղի չունենան:

Յատկապէս ուշագրաւ էր Գերմանիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան երիտասարդականի ներկայացուցիչին ելոյթը: Ըստ անոր, Գերմանիան ոչ միայն պէտք է ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ արդէն իսկ ընդունած է, այլ նաեւ Թուրքիոյ հետ միասին կրէ պատասխանատուութեան իր բաժինը:

Այնուհետեւ պատուիրակները միաձայնութեամբ ընդունեցին ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմԷ ներկայացուած բանաձեւը: Բանաձեւը իր տեսակին մէջ եզակի է այն առումով, որ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական մակարդակի վրայ նման կշիռ եւ ընդգրկում ունեցող կազմակերպութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման զուգահեռ, թրքական կառավարութենէն կը պահանջէ անյապաղ ձեռնարկել միջոցառումներու` ցեղասպանութեան հետեւանքներու հատուցման համար:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.