Թուրքիոյ Մէջ Այլ Այա Սոֆիա Տաճար Մը Պիտի Վերածուի Մզկիթի


ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Իզնիքի եւ Տրապիզոնի մէջ իբրեւ թանգարան օգտագործուող Այա Սոֆիա տաճարները յաջորդաբար 2011ին ու 2012ին մզկիթի վերածուած են, իսկ այժմ կարգը հասած է Էտիրնէի մէջ գտնուող նոյնանուն տաճարին:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ գտնուող Էտիրնէի Էնեզ շրջանի խորհրդանիշը նկատուող Այա Սոֆիան 2007ին սկսած էր վերակառուցուելու: Բիւզանդացիներու հոգեւոր կառոյցներու շարքին կարեւոր տեղ գրաւող, 12րդ դարուն կառուցուած Այա Սոֆիան կը գտնուի Էնեզի բերդի հարաւարեւելեան մասի բարձրագոյն կէտին վրայ: Անիկա 1456ին անցած էր Օսմանեան կայսրութեան վերահսկողութեան տակ եւ մզկիթի վերածուած: Այդ ընթացքին վնասուած էր անոր գմբէթը, իսկ 1965ի երկրաշարժէն վնաս կրելէ ետք անխնամ մնացած էր, իսկ մասամբ վերակառուցուելէ ետք՝ վերած-ուած էր թանգարանի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.