Ֆրանսացի Դիտորդներ Պիտի Հետեւին Արցախի Ընտրութիւններուն


ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 30 Ապրիլին ընդունած է 3 Մայիս 2015ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ գտնուող ֆրանսացի խումբ մը դիտորդներ՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Ֆրանսա-Արցախ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրերուն՝ անկեղծ բարեկամութեան համար եւ բարձր գնահատած անոնց դիտորդական առաքելութիւնը՝ աւելցնելով, որ աշխարհի առաջատար պետութիւններու ներկայացուցիչներուն նկատառումները կարեւոր են Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման համար:
Հանդիպման ներկայ գտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.