ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները Կը Ճանչնան Արցախի Ժողովուրդի Դերը՝ Իր Ապագան Ճշդելու Հարցին Մէջ


ՓԱՐԻԶ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Պոպովէ (ՌԴ), Ճէյմս Ուորլիքն (ԱՄՆ) ու Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա) Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ առանձին հանդիպումներ ունենալէ ետք յայտարարութիւն մը հրապարակեցին:

«Մենք շեշտած ենք իւրաքանչիւր նախարարին երկու երկիրներու նախագահներու երկխօսութեան աշխուժացման եւ այս տարուայ ընթացքին՝ աւելի ուշ, նախագահներու հանդիպման կազմակերպման կարեւորութիւնը», նշուած է ԵԱՀԿ հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ այս յայտարարութեան, երկու նախարարները համաձայնած են կրկին հանդիպիլ՝ համանախագահներու մասնակցութեամբ, ձեւակերպելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման օրակարգը, ինչպէս նաեւ` ողջունած են համանախագահներու` տարածաշրջան կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւնը:

Համանախագահները նաեւ արձանագրած են, որ Մայիս 3ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:
»Հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման պարունակին մէջ մենք կը ճանչնանք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դերը՝ իր ապագան որոշելու հարցի կապակցութեամբ: Այնուամենայնիւ, մեր երեք երկիրներէն եւ ոչ մէկը, ինչպէս նաեւ` որեւէ այլ երկիր, չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը` որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: Համապատասխանաբար, մենք չենք ընդունիր այս ընտրութիւններու արդիւնքներու ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակին վրայ եւ կը շեշտենք, որ անոնք որեւէ կերպով չեն կանխորոշեր ԼՂի վերջնական կարգավիճակը կամ ընթացիկ բանակցութիւններու արդիւնքները, որոնց նպատակն է հասնիլ ԼՂ հակամարտութեան տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման», գրուած է յայտարարութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.