Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորությամբ, Ապրիլ 29-ին Անգարայի նախագահական պալատին մէջ գումարուած է ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նիստը, որ տևած է 7 ժամ:

 Նիստի ընթացքին, այլ հարցերու շարքին քննարկուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ուր նիստին մասնակիցները համաձայն գտնուած են, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող երկիրներու խորհրդարաններու կայացուցած որոշումները հեռու են պատմական իրողութիւններէն և կը հետապնդեն քաղաքական շահեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.