Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ


«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ: Ընդհանուր առմամբ այդ ցանկին վրայ տեղ գտած են 10 «թրքական» տեսարժան վայրեր:

Այս առիթով Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Օմեր Չելիք ըսած է, որ Թուրքիան կրնայ տարեկան երկու յուշարձան առաջարկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին համար` մէկը ճարտարապետական, իսկ միւսը` բնական:

Թուրք նախարարը իր ուրախութիւնը յայտնած է այս առիթով եւ անոր մէջ պատգամ տեսած է: Ան նշած է, որ յատկապէս ուրախ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին յաւակնորդ տեսարժան վայրերուն մէջ Աղթամարի եկեղեցիի ներառման համար` յայտնելով, որ ատիկա պէտք է «որոշ ձեւով յատուկ պատգամ դառնայ արտասահմանցի խորհրդականներուն, որոնք ազդուած էին հայկական սփիւռքի սկսած արշաւէն»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.