Թէ ինչպէս տերսիմցի իսլամացած հայուհին վերադարձաւ իր արմատներուն


Տողու Էրկիլ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր «Հայկական վէրք, թրքական խելացնորութիւն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ.

«Կարդացէք Ապրիլ 21-ին «Պիանեթ» կայքին վրայ Նիլայ Վարտարի կողմէ ներկայացուած պատմութիւնը։

«Նազլը Էսինա կը պատկանի արեւելեան Թուրքիոյ մէջ 1915-ի աղէտին ընթացքին բռնի իսլամացուած հայ ընտանիքի մը։ 13 տարեկանին ան իր ծագումին մասին կ՚իմանայ։ Այժմ ան 38 տարեկան է եւ 35 տարեկանին քրիստոնեայ մկրտուած է։

«Ան իր բառերով կ՚ըսէ, թէ 1990-ական թուականներուն քրտական ըմբոստութեան պատճառով ընտանիքին համար աւելի դժուար դարձած է Թունջելիի (Տերսիմ) մէջ ապրիլը։ Ընտանիքը ստիպուած եղած է փոխադրուիլ Իսթանպուլ։

«Էսինա միշտ հարց տուած է, թէ ինչու իր ընտանիքի անդամներու թիւը փոքր է, երբ զիրենք շրջապատող քրտական ընտանիքները շատ թիւով մեծ էին։

«Իր հօր մահէն ետք, իր հօրեղբայրը ընտանիքի բոլոր անդամները կանչած է եւ անոնց պատմած իրենց ընտանիքին իսկական պատմութիւնը։ Անոնք հայեր էին, որոնք հայկական ջարդերու ընթացքին բնաջնջուած էին։ Անոնցմէ քիչեր միայն անտառին մէջ պահուըտելով կամ թուրք զինուորներէն պահուըտելով վերապրած են եւ սկսած աշխատիլ Տերսիմի քիւրտ-ալեւի երեւելիներուն մօտ։

«Անոր մեծ հօր անունը դարձաւ Հասան։ Ան ամուսնացաւ իր մէկ ազգականին հետ, որ իր կարգին իր ինքնութիւնը կը պահէր։ Թէեւ ալեւիները աւելի մեծաթիւ եղող սիւննի իսլամ թուրքերուն կողմէ խտրականութեան կ՚ենթարկուէին, անոնք այդ ինքնութեան ներքոյ ապրեցան։

« Նազլը Էսինա կամովին փափաքեցաւ դարձեալ քրիստոնեայ դառնալ։ Ութը ամիս կրօնական ուսումէ ետք, ան եկեղեցիի մը մէջ մկրտուեցաւ։

«Այժմ Էսին կը հաւատայ, որ ինք կը կրէ այն մշակոյթը, որ իր մեծ հայրերը ստիպուեցան լքել։ Այս զգացումը իր եւ իր տարաբախտ ժողովուրդին պարտադրուած հաւատքի մը դէմ դիմադրութեան ձեւ մըն է։

«Ան կ՚ուզէր իր 4 տարեկան տղան արձանագրել հայկական վարժարանի մը մէջ, սակայն թուրք պաշտօնատարներ պահանջեցին, որ փաստէ, թէ հայ է։ Ան իր հայ ըլլալը փաստելու համար դատարան դիմեց։ Պաշտօնատարները իր ծագումը ճշդելու համար շատ ժամանակ չվատնեցին։ Այժմ Էսինան իր փոքր տղայէն հայերէն կը սորվի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.