Համահայկական Խաղեր. 5 Քաղաքներու Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան 17 Մարզաձեւերու Խաղեր
1204
0
Շաբաթասկիզբին տեղի ունեցաւ համահայկական խաղերու գործադիր կոմիտէին նիստը, զոր վարեց կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան: Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպչական շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար` համահայկական 6-րդ խաղերուն կայացման վայրերուն շուրջ:
Որոշուեցաւ, որ համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Ստեփանակերտի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Արտաշատի մէջ` 2-14 օգոստոսին:
17 մարզաձեւերուն մէջ տեղի ունենալիք խաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի այցելեն աւելի քան 5 հազար մարզիկներ: