Վատիկանի արխիւները կը լուսաբանեն Հայոց ցեղասպանութիւնը


Ակօս.- Նախապէս թեւակոխելը սոյն տարեթիւին, համատարած համոզում էր, որ անսպասելի զարգացումներ պիտի ըլլան հայկական ցեղասպանութեան խնդրին շուրջ։ Սակայն ի դէմ այս ընդհանուր համոզումին, քիչեր միայն կը պատկերացնէին այդ զարգացումները։ Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային խնդրի վերածած է ցեղասպանութեան միջազգային գետնի վրայ ճանաչումը, բնականաբար պիտի մշակուէր միջպետական որոշ ռազմավարութիւն։ Բայց հաւանաբար շատ քիչեր միայն պիտի կարենային մտաբերել թէ Կաթողիկէ դաւանանքի պետը՝ Հռոմի Պապը եւս բերէ իր ներդրումը։ Արդարեւ Փրանգիսկուս Պապը, 12 Ապրիլին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւնով մը պիտի յիշատակէ 1915-ի զոհերը։

Մինչ այդ Վատիկանի արխիւներու մէջ մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր մոռացութեան մատնուած նիւթերն ալ կրկին լոյս աշխարհ կու գան շնորհիւ այս եկեղեցւոյ նախաձեռնութեան։ «Լա Սիվիլթա կաթոլիկա» պարբերականի մէջ հրատարակուած փաստաթուղթերը կը վկայեն Վատիկանի Հայոց ցեղասպանութեան գործադրուած օրերուն կատարուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները եւ օգնութեան աշխատութիւնները։ Հայր Ճորճ Հանրի Ռայսընի կողմէ պատրաստուած եւ 21 Մարտին հրատարակուած են այս նիւթով փաստաթուղթեր պարունակող չորս հատորներ։ Արխիւի ամբողջութիւնը հրատարակուած պիտի ըլլայ Մարտ ամսու վերջերուն։ Փաստաթուղթերը կը պատկանէին Արեւելեան Եկեղեցիներու Սենաթի արխիւներուն։ Անոնց մէջ կը հանդիպինք Հռոմի պապերուն Օսմանեան սուլթաններուն ղրկած նամակներու, Վատիկանի Արտաքին Գործոց ներկայացուցչութեան եւ եկեղեցւոյ այլ վարչական կազմերուն մասին փաստաթուղթերու, միսյոնարներու տեղեկագիրերու, Հայոց պատրիարքներէն եւ այլ հոգեւորականներէն եկած նամակներու եւ եկեղեցի հասած վկայութիւններու։

Այս փաստաթուղթերէն շատեր առաջին անգամ է որ կը հրապարակուին։ Անոնց մէջ ուշագրաւ է Պենետիկտուս ԺԵ-ի Օսմանեան Սուլթան Ռէշատին ղրկած երկու նամակները։ 10 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր նամակին մէջ Պապը կը պահանջէ որ Սուլթանը դիրք բռնէ հայոց ուղղուած բռնութեան դէմ։ Իսկ 12 Մարտ 1918 թուակիր նամակին մէջ, դիւրութիւններ կը պահանջուի հայոց ի նպաստ օգնութեան գործադրման համար։

Պարբերականի համաձայն այս նամակները կ՚ապացուցեն թէ Վատիկան չէզօք չէ մնացած կոտորածներու դէմ, այլ ակտիվ աշխատութիւն տարած է դրութիւնը բարելաւելու համար։ Տակաւին կը պնդուի որ Պենետիկտոս Պապը այդ շրջանին միակ քաղաքական եւ հոգեւոր պետն է որ այս զանգուածային յանցագործութեան դէմ կը բողոքէ։

Վատիկանի դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները այսքանով չեն սահմանուած։ Կաթողիկէ եկեղեցին 1917-ին Ճեմալ Փաշայի կողմէ Սուրիոյ մէջ մահապատիժի դատապարտուած 60 հայերու ազատ արձակման համար միջնորդութիւն ըրած է։ Վատիկան 1921-ին Կարտինալ Փիէթրօ Գասպարի միջոցով տեսակցած է Մուսթաֆա Քէմալի հետ եւ պահանջած ցեղասպանութենէն փրկուած քրիստոնեաներու կեանքի եւ ինչքերու անվտանգութեան պահպանումը։

Հրապարակուած փաստաթուղթերով յայտնի կը դառնայ թէ Վատիկան բացի դիւանագիտական միջամտութիւններէ, գործադրած է նաեւ ցեղասպանութենէն փրկուածներու ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներ։ Պարբերականը կը պնդէ որ բացի Կարմիր Խաչէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան Կազմակերպութենէն, արեւմտեան ոեւէ մարդասիրական կազմակերպութիւն հայոց օգնութեան չէ փութացած։ Մինչ Վատիկան հայ որբուհիները պատսպարած է Հռոմի մօտակայ Քաստէլ Կանտոլֆօ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ։

1887-1904 թուականներու միջեւ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած Արք. Ակուստօ Պոնէթիի Վատիկան ուղարկած տեղեկագիրներն ալ կարեւոր փաստաթուղթերէն կը համարուին։ Ան ԺԹ. դարու վերջերուն կարեւորագոյն օրակարգը հանդիսացող հայկական խնդրին եւրոպացիներու կողմէ օրըստօրէ մոռացութեան մատնուիլը կը բացատրէ անոնց «ի գին ամէն ինչի Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջութիւնը պահպանելու մարմաջ»ին։ Պոնէթի կ՚ըսէ որ Ֆրանսա մեծ ներդրումներ ունեցած է կայսրութենէ ներս, այդ պատճառաւ այս դիրքը կը պահէ։ Ռուսաստան իր հեռաւոր Արեւելքի ռազմավարութիւններուն համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ վերապահ կը մնայ։ Գերմանիոյ նիւթական շահերը կը պահանջեն որ թուրքերու եւ յոյներու միջեւ պատերազմը շարունակուի, իսկ Անգլիա շատ կարեւոր քաղաքական ակնկալութիւններ ունի։

Բացի վերեւ նշուած հոգեհանգստեան արարողութենէն, անուանի երգիչ Շարլ Ազնաւուր ալ համերգ մը պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ։

Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.