Իսթանպուլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Մասին Ամերիկահայ Լուսանկարիչին պատմածը


photo by Scout Tufankjian

«Հորիզոն».- Ամերիկահայ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆանքճեան, որ 24 Ապրիլին մասնակցած է Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման կը գրէ.

«Երեկ աննկարագրելի օր մըն էր։ Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման երթալու ատեն մեծագոյն վախս այն էր, որ ընտրութիւններու (7 Յունիսին նախատեսուած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններ «Հ») թուականի մօտենալով եւ Ազգայնական շարժում կուսակութեան ու ազգայնական քուէարկողներուն կարիքին լոյսին տակ Էրտողան Իսթիքլալի մէջ մեր ներկայութիւնը նկատէ սպառնալիք մը եւ ոստիկանութիւնը հեռանայ՝ ազգայնական ցուցարարներուն արտօնելով, որ մեզի դէմ յարձակում գործեն։

«Մինչ դէմքերնիս դէպի Թաքսիմի հրապարակ նստած էինք՝ ամէն անգամ, որ բարձրախօսերը լռէին կը լսէինք մեր ետեւի կողմէն հնչող ազգայնականներուն կանչերը։ Անոնք կը թուէին հետզհետէ աւելի մօտենալ՝ կարծէք անոնք մեզի կը մօտենային։ Ապա, երբ «Սարերի Հովին Մեռնեմ» երգը աւարտեցաւ, աւելի մօտ վայրէ մը բարձր կանչեր լսեցինք՝ ձայն մը, որ բազմաթիւ անգամ ցոյցերու ընթացքին լսած էի, ատիկա ոստիկանութեան շղթան շրջանցող ցուցարարներու ձայնն էր։

«Մինչ ոտքի կանգնենցանք դիմակայելու համար մեր կողմը եկողները՝ զանոնք տեսանք։ Անոնք ոչ թէ «Վաթան» կուսակցութեան կարմիր դրօշները ճօճող զայրացկոտ ազգայնականներ էին, այլ՝ հազարաւոր թուրքեր, քիւրտեր, յոյներ եւ ասորիներ, որոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Հոս ենք» եւ Հրան Տինքի, Կոմիտասի, Սեւակ Պալըքճըի, Դանիէլ Վարուժանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու լուսանկարները կը կրէին։ Փողոցները կ՚արձագանգէին անոնց զօրակցական բացականչութիւններուն։

«Ապշահար բազմութեան մէջէն բարեկամ մը վազեց, ձեռքերը բացած եւ բացականչելով.«Մեզի հետ են։ Փողոցը լեցուցած են»։

«Ուստի շնորհակալութիւն։ Շնորհակալութիւն թուրքեր, քիւրտեր եւ ասորիներ, որ մեր կողքին կանգնեցաք։ Շնորհակալութիւն մարդկային իրաւանց թրքական խմբաւորումներուն Հայտարփաշայի մէջ ոգեկոչումը կազմակերպելու համար։ Շնորհակալութիւն պոլսահայութեան, շնորհակալութիւն Օսման Քաւալա։ Շնորհակալութիւնը Սարա Լիա Ուիթսըն, Նենսի Գրիգորեան, Հեղնար Վաթենփօ եւ «Փրոճեքթ 2015»-ի անդամ բոլորին։

«Չկայ տեղ մը, որ կը նախընտրէի այս շաբաթ ըլլալ»։

Լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆանքճեան հեղինակն է նոր հրատարակուած There is Only the Earth: images from the Armenian Diaspora Project գիրքին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.