Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններ Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի եւ Համիլթընի մէջ

 

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն Սենթ Գաթրինզի մէջ


Կազմակերպութեամբ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի զոյգ յանձնախումբերուն եւ համագործակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն, Կիրակի 19 Ապրիլ, 2015-ին, տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնները։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Սենթ Գաթրինզի մէջ գտնուող անանուն զինուորի յուշարձանին առջեւ։ Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հակիրճ յայտագիր մը, ուր գաղութի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետին՝ Ուալթըր Սենծիքի, Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Րիք Տայքսդրայի եւ Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, միասնաբար զետեղեցին ծաղկեպսակ մը, յիշատակելով Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին զոհուած ու անոնց կարգին Հայ ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Յուշարձանին առջեւ, կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով խօսք առաւ ընկ. Սեւակ Պէլեան, նշելով թէ ինչպէս հայութեան նահատակները, այնպէս ալ նաեւ գանատացի զինծառայողները զոհուեցան ի սպաս արդարութեան եւ համամարդկային արժանապատուութեան եւ արժէքներուն համար։

Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութենէն վերջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ուր կատարուեցաւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու հոգեհանգտեան պաշտօն։

Սուրբ եւ Անմահ պատարագի մատուցման յաջորդեց պաշտօնական ընդունելութիւնն ու հանդիսութիւնը, Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնէն ներս։ Յետմիջօրէի ժամը 2։00-ին, աւելի քան 200 հայորդիներ համախմբուեցան Հայ կեդրոնի յարկին տակ, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն մը։ Սոյն ընդունելութեան ընթացքին, ցուցադրուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատմական արժէք ներկայացնող արխիւային նիւթեր, հայերէն եւ այլ գիրքեր ու հրատարակութիւններ, փաստաթուղթեր, անձնական իրեր եւ ընտանեկան նկարներ եւ պատմութիւններ։

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետ Ուալթըր Սենծիք, Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Րիք Տայքսդրա, Նահանգային խորրհրդարանի անդամ եւ Օնթարիոյի նահանգային կառավարութեան ատենախօս Ճիմ Պրատլի, Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներ, մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ լրատուական այլ միութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութեանց ներկայացուցիչները։ Յայտագրի հանդիսավար ընկ. Սեւակ Պէլեանի բացման խօսքէն ետք, գեղարուեստական հակիրճ յայտագրով մը հանդէս եկան ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ «Յառաջ» վարժարանի աշակերտները, որոնք ասմունքեցին ու երգեցին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած երգեր ու ոտանաւորներ։ Գեղարուեստական յայտագրէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին Քաղաքապետ Սենծիք, Երեսփոխան Պրատլի եւ Երեսփոխան Տայքսդրա, որոնք նմանապէս անհրաժեշտ նկատեցին նման դէպքերու նշումն ու անոնց նկատմամբ տարուող եւ դեռ տարուելիք հետեւողական աշխատանքնրու շարունակութիւնը։ Սենծիք, Պրատլի եւ Տայքսդրա հաւաքաբար դրուատեցին գանատահայութեան քաղաքական ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին ի խնդիր արդարութեան, արդար պահանջատիրութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման։

Պաշտօնական խօսքերէն ետք, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Յառաջ» մասնաճիւղի անդամները յաջորդաբար ընթերցեցին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու վկայութիւններն ու ցեղասպանութիւնը բնութագրող վաւերական նիւթեր։ Երիտասարդներու ներկայացումէն ետք, յայտագրի հանդիսավարը բեմ հրաուիրեց օրուան բանախօս՝ ընկ. Գէորգ Գազանճեանը, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Մոնթրէալէն։ Ընկ. Գազանճեան իր հակիրճ, սակայն ազդեցիկ բանախօսութեան ընդմէջէն ներկաներուն ներկայացուց բաղդատական մը Թուրքիոյ վարած մերօրեայ քաղաքականութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ որդեգրուած 1915-ի քաղաքականութեան միջեւ։ Եզրափակելով իր խօսքը, Գազանճեան ընդգծեց, թէ ոգեկոչման ու ճանաչման փուլը աւարտելով, համայն հայութիւնը այսօր պատրաստ է ներկայացնելու իր իրաւական պահանջները, որուն արդար նուաճումը կարիքը ունի միասնական եւ աննահանջ աշխատանքի։ Ընկ. Գազանճեանի խօսքէն ետք, բեմ հրաուիրուեցաւ Արժ. Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան, որ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, «Պահպանիչով» փակեց օրուան հանդիսութիւնը։

Սեւակ Պէլեան
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում Գէմպրիճի մէջ

 

Կազմակերպութեամբ Հարաւային Օնթարիոյի Հայ Դատի յանձնախումբին,  Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին, Գէմպրիճի հայութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակը, ներկայութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւներուն, քաղաքական հիւրերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մօտաւորապէս 250 հայորդիներու։

Կէսօրուան ժամը 12։00-ին, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամը 2։00-ին, ներկաները հաւաքուեցան Մուսա լերան յուշակոթողին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում ձեռամբ՝ տիկին Անահիտ Ասատուրեանին եւ փոքրիկն Մինաս Սարմազեանին։ ՀՄԸՄ Գէմպրիճի սկաուտներու առաջնորդութեամբ հիւրերն ու ներկաները առաջնորդուեցան սրահ: Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի բացումը կատարեցին ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները մեկնաբանելովԳանատայի եւ Հայաստանի զոյգ օրհներգները։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։ Ապա ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը ամփոփ կերպով ներկայացնելով Ապրիլեան Եղեռնը։

Օրուան հանդիսավարներն էին Ցոլեր Մկրտիչեան (հայերէն լեզուով) եւ Յովիկ Վեսոյեան (անգլերէն լեզուով), որոնք իրենց բացման խօսքին մէջ նշեցին, թէ Հայ ժողովուրդը յամառօրէն պիտի շարունակէ պահանջել Հայոց դատի արդար լուծումը։ Բեմ հրաւիրուեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի ընկերները, որոնք շատ տպաւորիչ ձեւով, խօսքով ու կենդանի պատկերով , ներկայացուցին 100-ամեակի խորհրդանշան՝ «Անմոռուկ»ին իմաստը։ Ապա Մարինա Կարապետեան հանդէս եկաւ Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ընկան» բանաստեղծութեան սրտառուչ մեկնաբանութեամբ։ Ցուցադրուեցաւ 2014 թուականի վերջաւորութեան մէջտեղ եկած, Թուրք հեղինակ՝ Ֆաթիհ Ագինի պատրաստած «The Cut» ժապաւէնի մասին տեսահոլովակ մը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբեր՝ դաստիարակ, քաղաքաքէտ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՝ Տէյվիտ Ուիլիըմ Ուարնըր։ Ան ներկայացուց իր գրած բանաստեղծութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն վերնագիրն է « 1915-ի լացերը»։ Իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Թուրքիան ներում պիտի չստանայ մինչեւ չյայտնէ աշխարհին թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործած է։ Ան յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը պարզապէս  միջոց մըն է իրականութենէն փախելու, աւելցնելով, որ իրականութենէն կրնան փախփխիլ տարբեր ձեւերով, սակայն չեն կրնար փոխել պատմական փաստացի տուեալները։ Խօսքը աւարտեց հետեւեալ ձեւով. «Դո՛ւք հայերդ, եւ ձեր ժառանգորդները պիտի չհանգչիք մինչեւ ձեր դատի արդար լուծումը չգտնէք։ Ես ալ պիտի չհանգչիմ մինչեւ արդարութիւն չհրամցուի։ Հայերը չեն մեռնիր»։

Ձեռնարկի աւարտին յաջորդաբար խօսք առին քաղաքական պաշտօնական հիւրերը՝ Member of Parliament for Cambridge North Dumfries, and Minister of State for Federal Economic Development Agency for Southern Ontario, the Honourable Gary Goodyear, Member of Parliament for Kitchener-Conestoga, Harold Albrecht, Member of Parliament for Kitchener-Waterloo, Peter Braid, Member of Parliament for Kitchener Centre, Steven Woodworth, Member of Parliament for Barrie, and Ontario PC Party leadership candidate, Patrick Brown, Member of Provincial Parliament for Cambridge, Kathryn McGarry, Cambridge City Concillor Nicholas Ermeta. բոլորն ալ յայտնեցին թէ իրենք պիտի շարունակեն  նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իրենց յարգանքը յայտնեցին մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։

Բեմ բարձրացան Հայր Գեղարդ վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանը, որոնք իրենց օրհնութեամբ փակեցին ձեռնարկը, որմէ ետք Փոստաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
ՑՈԼԵՐ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչում Համիլթընի մէջ


Համիլթընի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, կազմակերպութեամբ Համիլթընի 100-ամեակի յանձնախումբին՝ բաղկացած Համիլթընի Հայ կեդրոնի եւ Ս. Մարիամ առաքելական եկեղեցւոյ անդամներէն, տեղի ունեցաւ 19 Ապրիլին եւ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, Ցեաղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ Հոգեհանգստեան պաշտօնով։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, գաղութի անդամները ուղղուեցան Հայ կեդրոն, ներկայ գտնուելու յուշատօնին, որ ընթացք առաւ կէսօրուան ժամը 2։00-ին, ներկայութեամբ քաղաքական հիւրերու, քաղաքապետ Fred Zisenberger, երեսփոխաններ՝ David Sweet (Conservative) Mike Wallace (Conservative-Burlington), Wayne Marston (NDP), Chris Christopherson (NDP), նահանգային երեսփոխան Paul Miller (NDP), քաղաքապետութեան խորհրդականներ՝ (Councilors) Maria Pearson, Matthew Green, Tom Jackson (հայազգի, George Town boys-ի զաւակ Թորոս Թումաճեան), ինչպէս նաեւ ուքրանական, հրէական, րուանտական գաղութներէն ներկայացուցչներու եւ Համիլթընի ոստիկանապետին ներկայացուցիչին։

Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ յուշակոթողի հողօրհնէք, ձեռամբ Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ հովիւ, հայր Հայրիկ Յովհաննէսեանի, քաղաքապետին եւ Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ։

Յուշակոթողի հողօրհնէքէն ետք, յուշատօնը սկսաւ ջահավառութեամբ, մասնակցութեամբ խումբ մը պատանիներու։ Օրուան հանդիսավարին՝ Կարէն Եշխազարեանի բացման խօսքէն եւ  եւ Գանատայի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցան երեք պատկերիզներ՝ Անմոռուկ ծաղիկի իմաստին մասին, Արաբկիրի մասին պատմող “Daylight after a century” վաւերագրական ժապաւէնը  եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Վեհափառին, Վատիկանի մէջ,  Ապրիլ 12-ին, արտասանած խօսքը։ Յայտագրի այս առաջին բաժնի աւարտէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ  օրուան բանախօսը՝ ընկհ. Նորա Արուշեան, որ երեք լեզուներով ներկայացուց օրուան պատգամը։

Գեղարուեստական  յայտագրի յաջորդ բաժնով , դաշնամուրի վրայ հանդէս եկաւ Ճուլիա Աբգարեան,  որմէ ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան՝  Համիլթընի քաղաքապետը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը եւ  ոչ հայ աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին շրջանի երկրորդական վարժարաններու աշակերտութիւնը, որոնք իրենց դպրոցներուն մէջ կը հետեւին «ցեղասպանութիւններ»ու նուիրուած դասընթացքին։ Անոնք փոխանցեցին իրենց կարծիքն ու կեցուածքը ցեղասպանութեանց եւ մանաւանդ հայկական ցեղասպանութեան մասին։

Ապա յաջորդաբար խօսք առին ՝ David Sweet (Conservative MP) Chris Christopherson (NDP MP) Wayne Marston (NDP MP) Paul Miller (NDP MPP)։
Փոքրիկն Մայքըլ Աստրեանի «Ես ին անոյշ Հայաստանի» արտասանութենէն ետք, խօսք առին Maria Pearson (Councilor) Matthew Green (Councilor) Miss Watson (Police cheff and community affairs rep.) Tom Jackson (Հայազգի councilor)։ Բոլոր քաղաքական դէմքերն ալ, իրենց խօսքերուն մէջ, առանց ցեղասպանութիւն բառը շրջանցելու, յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, եւ շեշտեցին կարեւորութիւնը պայքարելու ցեղասպանութիւններու հերքման եւ նսեմացման դէմ։

Ապա փակման խօսքով եւ փակման աղօթքով վերջ գտաւ յուշատօնը։

Ապրիլ 20-26, Համիլթընի քաղաքապետարանին ծածանեցաւ եռագոյնը,  եւ քաղաքի ամենաբանուկ պողոտային վրայ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող պաստառ մը։
Յակոբ Աբգարեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.