Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Տեղի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ 28 Քաղաքներուն Մէջ. Աքթար


ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- «Այսօր Թուրքիան միասնական չէ։ Թուրքիաներ կան։ Թրքական հասարակութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք տարբեր կը մտածեն», Ապրիլ 22ին, «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին ընթացքին ըսաւ փրոֆ. Ճենկիզ Աքթար:
Ան նշեց, որ արդէն առնուազն 15 տարի է, որ թրքական հասարակութեան որոշ հատուածներ այլեւս չեն հաւատար Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ներկայացուող պաշտօնական կարծիքին: Ան խօսեցաւ հրատարակչական եւ գիտական գործունէութեան յառաջընթացին մասին եւ յայտնեց, որ այս հարցը ուսումնասիրել փափաքող երիտասարդ հետազօտողներուն թիւը աստիճանաբար կ՛աճի։
Անդրադառնալով մշակութային եւ կրօնական յիշողութեան, ան խօսեցաւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան մասին, որուն ծախսերը իրենց վրայ վերցուցած են քաղաքացիական հասարակութիւնն ու քիւրտերը: «Եկեղեցին կենդանի էր, կ՛ապրէր հոն, ուր հայերէն բացի, կային քիւրտեր եւ ուրիշներ, որոնք ուրախութեամբ կ՛այցելէին եւ կը պատրաստուէին Զատիկի տօնին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ քիւրտերն ու թուրքերը սկսած են հաշտուելու լաւ յիշողութիւններու հետ եւ մարդիկ սկսած են ճանչնալու հայերու ժառանգութիւնները:
Աքթար նշեց, որ կան նաեւ փոքրիկ մատուռներ, սրբավայրեր, նաեւ, տարբեր ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին:
«Վերակրօնափոխում տեղի կ՛ունենայ եւ որոշ հայերու թոռները, որոնք ժամանակին իսլամութիւն ընդունած են, որպէսզի կենդանի մնան, այսօր կը վերադառնան իրենց կրօնքին», ըսաւ ան:
Աքթար նկատեց, որ արմատներու փնտռտուք տեղի կ՛ունենայ եւ աստիճանաբար կ՛աճի թիւը անոնց, որոնք հպարտօրէն կը խօսին իրենց հայ մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն մասին:
Ըստ անոր՝ Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ 28 քաղաքներու մէջ:
«Վանի նման քաղաքի մը մէջ տեղի կ՛ունենան հրապարակային-հանրային ժողովներ, որոնց ընթացքին բացէ ի բաց կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ նախապէս աներեւակայելի էին նման խօսակցութիւնները: Ան նշեց, որ թէեւ «ց»ով սկսող բառի օգտագործումը Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 305րդ յօդուածով պատժելի է, սակայն անիկա Թուրքիոյ մէջ սկսած է ազատօրէն գործածուելու:
Ան նկատեց, որ եթէ նախապէս կ՛ըսէին՝ «այսպէս կոչուած», ապա հիմա այդ ալ բառապաշարէն դուրս եկած է:
Միաժամանակ, Աքթար ընդգծեց, որ պէտք չէ այնքան միամիտ ըլլալ եւ կարծել, թէ 180 աստիճանով փոփոխութիւն տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ, սակայն վստահեցուց, որ թապուն ճեղքուած է: «Ճինիները հաստատօրէն դուրս եկած են շիշէն եւ զանոնք ետ շիշին մէջ մտցնել կարելի չէ», աւելցուց ան:
Ան ներկայացուց վերջերս իրականացուած հարցախոյզի մը արդիւնքները, ըստ որուն, Թուրքիոյ հասարակութեան 9 տոկոսը կողմ է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ան նշեց, որ թէեւ 9 տոկոսը մեծ չի թուիր, սակայն անիկա կը կազմէ 7 միլիոն մարդ:
Ապա ան խօսեցաւ Հրանդ Տինքի մասին եւ ըսաւ, որ Հրանդը ուրախ պիտի ըլլար համաժողովին ներկայ գտնուելով: «Անոր պայքարը ապարդիւն չէր եւ պիտի շարունակուի», եզրակացուց Աքթար:



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.