Թուրքիոյ Մէջ Նեդրումներ Արգիլող Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ


ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հանրային մարզի պաշտօնեաներու, թոշակներու եւ ընկերային ապահովութեան յանձնախումբը վաւերացուց նորակազմ Հայկական օրէնսդրական համախմբումին ներկայացուցած թիւ 1410 բանաձեւը, որ կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ հանրային մարզի պաշտօնեաներուն (CalPERS), ինչպէս նաեւ նահանգին ուսուցիչներու (CalSTRS) հանգստեան թոշակներու հիմնադրամներուն կողմէ Թուրքիոյ մէջ նեդրումները։

Յանձնախումբի անդամներէն վեցը բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած են, իսկ մէկը ձեռնպահ մնացած է։

Նշենք, որ նշեալ հիմնադրամներուն առաջինը ներկայիս Թուրքիոյ մէջ 185 միլիոն տոլարի ներդրումներ ունի, իսկ երկրորդը՝ «քանի մը հարիւր միլիոն տոլարի»։

Բանաձեւը պէտք է վաւերացուի Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ ու ապա ստորագրուի նահանգապետին կողմէ, օրէնքի ուժ ստանալու համար։

Յիշեցնենք, որ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը հաստատուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Խաչօ Աշաճեանի, Ատրին Նազարեանի եւ Սքաթ Ուիլքի նախաձեռնութեամբ։

Բանաձեւին մասին «Սաքրամենթօ Պի» թերթին մէջ գրուած յօդուածի մը մէջ, Աշաճեան եւ Նազարեան շեշտած են, թէ մինչեւ այն ատեն, որ Անգարա կը մերժէ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ վնասուց հատուցում չի տրամադրեր Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն, Հայասատնէն դուրս ամենամեծ թիւով հայ բնակչութիւնը ունեցող Քալիֆորնիոյ նահանգը չի կրնար առեւտրական բնականոն յարաբերութիւններ մշակել Թուրքիոյ հետ։

Անոնք նշած են, թէ բանաձեւը նաեւ յստակ պատգամ մը պիտի ըլլայ Անգարայի, թէ Քալիֆորնիա չի կրնար նպաստել Թուրքիոյ տնտեսութեան բարգաւաճման, մինչ Անգարա կ՛աջակցի Միջին Արեւելքը իր քրիստոնեայ, հրեայ, քիւրտ ու այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներէն պարպել փորձող ուժերուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.